ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼԷ ԵՏՔ ԱՐԺԱՆԹԻՆԸ (3 – 1) ՍՊԱՆԻԱ 5-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՏԻՐԱՑԱՒ ԹԵՆԻՍԻ «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին Սեւիլլայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցաւ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը` Սպանիոյ եւ Արժանթինի միջեւ:
Սպանիա 3 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Արժանթինը 5-րդ անգամ ըլլալով (երրորդը` վերջին չորս տարիներուն ընթացքին) տիրացաւ տիտղոսին:
Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան կատարեց միայն մրցում մը, երբ զոյգի ճակատումին իր խմբակիցին` Էտուարտօ Շուաքի հետ 6-4, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց Ֆելիսիանօ Լոփես – Ֆեռնանտօ Վերտաքօ զոյգին:
Մնացեալ անհատական երեք մրցումներուն ալ Սպանիա ինք յաղթեց: Ռաֆայէլ Նատալ արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Խուան Մոնաքոն եւ Խուան Մարթին Տել Փոթրոն: Երրորդ յաղթանակը արձանագրեց Տաւիտ Ֆերեր:
CATEGORIES Մարզական

