«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՀԱՍՆՈՂ ՄՆԱՑԵԱԼ ԵՕԹԸ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը կատարուելիք մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան յաջորդ հանգրուան հասնող վերջին եօթը խումբերուն անունները:
Նշենք, որ ցարդ յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահոված են Պարսելոնա, Ռէալ Մատրիտ, Ա. Սէ. Միլան, Ինթեր Միլան, Պայէրն Միւնիխ, Պենֆիքա, Պայէր Լեւերքուզըն, ԱՓՈՅԵԼ Նիկոսիա եւ Արսենալ:
Անգլիա, որ ունի չորս ներկայացուցիչ, կրնայ նեղ կացութեան մատնուիլ` նկատի ունենալով, որ երեք խումբերը այս մրցաշարքէն դուրս մնալու վտանգին տակ են: Արսենալ միակն ըլլալով ապահոված է յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը, որ տեղի պիտի ունենայ փլէյ-օֆի դրութեամբ (երթ ու դարձ):
Ստորեւ կու տանք այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով):
ԱՅՍՕՐ
Ե. խմբակ
Չելսի – Վալենսիա
Կենք – Պայէր Լեւերքուզըն
Զ. խմբակ
Պորուսիա Տորթմունտ – Մարսէյ
Օլիմփիաքոս – Արսենալ
Է. խմբակ
ԱՓՈՅԵԼ Նիկոսիա – Շախտիոր Տոնեցք
Փորթօ – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ
Ը. խմբակ
Պարսելոնա – ՊԱԹԷ Պորիսով
Վիքթորիա Փլզեն – Ա. Սէ. Միլան
ՎԱՂԸ
Ա. խմբակ
Մանչեսթըր Սիթի – Պայէրն Միւնիխ
Վիարէալ – Նափոլի
Բ. խմբակ
Ինթեր Միլան – Մոսկուայի Բանակայիններ
Լիլ – Տրապիզոնսփոր
Գ. խմբակ
Պալ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Պենֆիքա – Օթելուլ Կալաթի
Դ. խմբակ
Այաքս Ամսթերտամ – Ռէալ Մատրիտ
Տինամօ Զաղրեպ – Լիոն