ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ 10 – 1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՋԱԽՋԱԽԵՑ ԻԹԹԻՀԱՏ ՀԱՐԵԹ ՆԱԱՄԷՆ ԵՒ ԳՐԱՒԵՑ Գ. ԽՄԲԱԿԻ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԸ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը 10 – 1 արդիւնքով` (կիսախաղ` 3 – 0) ջախջախեց իր մրցակիցը` Իթթիհատ Հարեթ Նաամէն:
Գրեթէ ամբողջութեամբ միակողմանի այս խաղին ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Ահմետ Իթանի (5 կոլ), Յակոբ Տօնապետեան (3 կոլ) եւ Սագօ Ապաճեան (2 կոլ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ գրաւեց Գ. խմբակին պարագլուխի դիրքը (8 կէտով)` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով իր ետին գտնուող Նըժմեթ Սահրան եւ Ուաֆաա Նապի Շիթը:
5-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նապի Շիթ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 11 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
Տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ երթի մրցումները պիտի աւարտէ պարագլուխի դիրքին վրայ: