«ԶՐՈՅՑ` ՀԻՆՑԱԾ ԳՐԻՉԻ ՄԸ ՀԵՏ» (ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 23). (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ)
2011-ին Պոլսոյ մէջ «Մարմարա» օրաթերթի «Մուրատ Օֆսէթ» տպարանէն լոյս տեսաւ վաստակաւոր գրագէտ եւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի «Զրոյց` հինցած գրիչի մը հետ» խորագրեալ հատորը:
Սոյն գործը կը բաղկանայ 320 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 97 յօդուածներ, որոնք տպուած են «Մարմարա» օրաթերթին մէջ, յունուար 1992 – դեկտեմբեր 1992 թուականներու միջեւ:
Սոյն հատորին մէջ Հատտէճեան կ՛արծարծէ առհասարակ հոգեբանական եւ ընկերային հարցեր, որոնք կը յատկանշուին իրենց բովանդակած նիւթերուն այլազանութեամբ:
Այսպէս, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ թատրոն երթալու պարագային կամ այլ առիթներով նախընտրելի է գրաւել սրահին առաջին կարգը, որովհետեւ, մօտէն աւելի լաւ կը տեսնենք ներկայացման մանրամասնութիւնները: Կ՛ըսէ, թէ առաջին կարգ գրաւելը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ. օրինակ, երբ նստելու ըլլանք օդանաւի առաջին կարգին մէջ, կը յարգուինք ճամբորդներուն կողմէ` իբրեւ առանձնաշնորհեալ անձեր: Հեղինակը ցոյց կու տայ նաեւ կարգ մը բախտորոշ անպատեհութիւններ, որոնք արդիւնք են առաջին կարգի մէջ բազմած ըլլալու իրողութեան: Կ՛ըսէ, թէ յիշեալ կարգի ճամբորդներն են, որ առաւելաբար զոհ կ՛երթան ճամբորդական արկածներու:
Անդրադառնալով յաւերժութեան գաղափարին` Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ մեր շրջապատին մէջ ո՛չ մէկ երեւոյթ կրնայ յաւերժապէս գոյատեւել: Թէ` բնութեան բաղադրիչ տարրերն անգամ յաւերժական չեն, որովհետեւ, անոնք դատապարտուած են մեռնելու` ուշ կամ կանուխ: Գիրքերն ու յուշակոթողները եւս, արուեստի շքեղ իրագործումներու նման, պիտի չկրնան յաւերժանալ: Աւելի՛ն. մօրենական սէրն անգամ տարիներու ընթացքին պիտի մնայ ենթակայ յարատեւ փոփոխութիւններու, «իր մէջ անբացատրելի նոր տրամադրութիւններ ստեղծելով նոյն զաւկին հանդէպ», կը վկայէ Ռոպէր Հատտէճեան` եզրափակելով յաւերժութեան մասին իր ըմբռնումը հետեւեալ մտածումով. «Երբ մեր շուրջ սկսինք փնտռել յաւերժականը, որպէս յաւերժական մէկ բան միայն պիտի կարենանք գտնել թերեւս: Յաւերժականին որոնումն է այդ: Արդարեւ, յուսահատօրէն եւ յաւերժօրէն պիտի փնտռենք յաւերժականը, որովհետեւ երբեք պիտի չգտնենք զայն»:
Հատտէճեան գովքը կը հիւսէ այն անհատներուն, որոնք դրօշակիրներն են չփորձուած ճամբաներու: Կ՛ըսէ, թէ դրօշակիրներն են, որ ձեռնարկելով վտանգաւոր առաքելութեան` յոյս եւ ապահովութիւն կը ներշնչեն բոլոր ճամբորդներուն, որոնք օր մը պիտի անցնին անպայման նոյն անծանօթ ուղիներէ` հետեւելով նախորդ դրօշակիրներու ոտնահետքերուն: Ռահվիրաներու նկատմամբ Հատտէճեան իր յարգանքը կը հիմնաւորէ այն գիտակցութեամբ, թէ` «մեր կեանքին մէջ կամ մեր ամէնօրեայ ապրումներուն մէջ գրեթէ չկայ մարզ մը, գետին մը, ուրկէ ներս մենք շատ բան պարտական չըլլանք նախակարապետներու, առաջին դրօշակիրներու, ճամբայ հարթողներու: Միլիառներով մարդիկ կ՛օգտուին այդ սակաւաթիւ դրօշակիրներու բացած ճամբաներէն` առանց մինչեւ իսկ գիտնալու այդ դրօշակիրներուն անունը»:
Ապա հեղինակը կը փորձէ բացայայտել տարբերութիւնը դիւրահաճութեան եւ դժուարահաճութեան: Ըստ իրեն, այս երկու բառերը չունին որեւէ կապակցութիւն գիտութեան կամ տգիտութեան հետ, այլ ունին սերտ առնչութիւն «մարդասիրական զգացումներու հետ», զորս կը յայտնաբերենք արուեստի երախտագէտներու նկատմամբ: Այս յղացքով, Հատտէճեան կը ջատագովէ այն ըմբռնումը, թէ արուեստագէտի գործին մէջ պէտք է փնտռենք գովասանքի արժանի յատկութիւններ: Կ՛ըսէ, թէ արուեստագէտի հանդէպ մեր ցուցաբերած խանդավառութիւնը դիւրահաճութիւն չէ երբեք, այլ` «աննախանձ եւ այլասէր տրամադրութեամբ» դիմացինը ուրախացնելու միջոց: Ահա թէ ինչո՛ւ, ակնարկելով դժուարահաճ մարդոց, Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ դժբախտ է այն անձը, որ արուեստի գործի նկատմամբ «հաւնելու ու խանդավառուելու տրամադրութիւն չունի»: Հեղինակը կը փոխանցէ այն կարծիքը, թէ աւելի դժուար բան է խանդավառուիլ, քան` դժուարահաճ ըլլալ: Ան համոզուած է, որ գործ մը հաւնելով` մենք բաժնեկից պիտի դառնանք արուեստագէտին ուրախութեան եւ սիրենք անոր աշխատանքը` իբրեւ մեր սեփական իրագործումը:
Հատտէճեան կը բացատրէ նաեւ տարբերութիւնը առանձին մարդուն եւ ընկերային մարդուն: Կ՛ըսէ, թէ առանձին մարդը կ՛ապրի ուրիշ անձերէ հեռու: Իր հարազատ ինքնութիւնն է, որ կը տեսնէ միայն: Ան քաշուած է իր սեփական աշխարհին մէջ ու կը վարէ ինքնամփոփ կեանք մը: Իսկ ընկերային մարդը այն միւս մարդն է, որ կը յայտնուի նոյն մարդուն մէջ, երբ ան կը վայելէ ընկերակցութիւնը ուրիշ անձերու: Պատկերաւոր բացատրութեամբ, Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ` «առանձին մարդը, բուն իսկ մարդը, կերպով մը դերասանն է, որ բեմէն իջած է եւ դերասանութիւն չ՛ըներ: Ընկերային մարդը դերասանն է, որ հանդիսատեսին դիմաց բեմ ելած է»: Կ՛ըսէ, թէ այս երկու անձերը նոյն էութեան մաս կազմելով հանդերձ, երբեք չեն նոյնանար իրարու հետ: Թէ` մենք ի ծնէ եղած ենք առանձին մարդ: Իսկ մեր ծնողներն ու ուսուցիչները եւ մեր ակնկալութիւններն են, որ սորվեցուցած են մեզի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ընկերային մարդ ըլլալ եւ մնալ ենթակայ` ընկերային կեանքի պարտաւորութիւններուն:
Շարունակելով պարզել այն տարբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին կեանքի այլազան երեւոյթներուն միջեւ, Ռոպէր Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ օրաթերթ կարդալ` չի նշանակեր ընթերցասէր ըլլալ: Ընթերցասիրութիւնը առնչուած է միայն գիրք կարդալու հետ, բայց ոչ` օրաթերթ: Մենք ամէն օր օրաթերթ կը կարդանք պարտադրաբար, բայց գիրք կարդալը պարտաւորիչ չէ, զայն կը կարդանք յօժար կամքով: Ընթերցասէրը գիրքէն կը ստանայ կարդալու հաճոյքը: Ահա թէ ինչո՛ւ կանոնաւոր կերպով ան գիրք կը գնէ գրախանութներէն` գոհացում տալով կարդալու իր բուռն փափաքին: Ընթերցասէրը իր գնած գիրքը փողոց չի նետեր, այլ բազում անգամներ կարդալէ ետք զայն խնամքով կը պահէ իր գրադարանին մէջ: Մինչդեռ տարբեր է պարագան օրաթերթին, մարդիկ փողոց կը նետեն զայն մէկ անգամ կարդալէ ետք:
Ապա Հատտէճեան կը քննադատէ ծիծաղելի արարքը այն մարդոց, որոնք բուռն թափով կը ծափահարեն անձ մը` առանց երբեք մտիկ ըրած ըլլալու անոր հրապարակային ելոյթը: Հեղինակը կը թելադրէ հեռու մնալ կեղծ ծափահարութիւններէ, որոնք միայն թիւր զգացումներ կը յառաջացնեն ծափահարուող անձին մէջ:
Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ կեղծ ծափահարութիւններու նման, կայ նաեւ կեղծ լռութիւն մը, զոր կը պահեն մարդիկ գնահատանքի արժանի գործի մը նկատմամբ: Կ՛ըսէ, թէ կան մարդիկ, որ կը լռեն արուեստի արժէքաւոր գործի մը դիմաց, այն դիտաւորութեամբ, թէ իրենց թշնամին է այդ գործին հեղինակը: Ոմանք կը լռեն, որովհետեւ կը նախանձին, իսկ ուրիշներ կը լռեն` հատուածական կամ շահադիտական նկատումներէ թելադրուած: Հակառակ այս իրողութեան, կը հաստատէ Հատտէճեան, «երկրագունտին վրայ ամէն օր ամէն վայրկեան միլիոնաւոր տաղանդաւոր մարդիկ կը շարունակեն սքանչելի գործեր բեմ հանել` առանց ազդուելու այդ կեղծ ծափահարութիւններէն եւ կեղծ լռութիւններէն»:
Հատորը կը կրէ խորագիրը 97 յօդուածներէն մէկուն, որ կը կոչուի «Զրոյց` հինցած գրիչի մը հետ»: Պէտք է ըսել, թէ ապրումով յօրինուած գրութիւն մըն է յիշեալ յօդուածը, ուր հեղինակը կը զրուցէ տարիներու բերումով աշխատանքէ դադրած հին գրիչի մը հետ, զոր իրեն նուիրած է սիրելի բարեկամ մը: Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ նետած է զայն իր գզրոցներէն մէկուն մէջ եւ ամէն անգամ, երբ բանայ այդ գզրոցը, պահ մը կը սեւեռէ իր նայուածքը այդ գրիչին վրայ: Հատտէճեան հետաքրքրական ձեւով կը ներկայացնէ այն երկխօսութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ իր եւ օտար երկրի մը մէջ շինուած գրիչին հետ: Զրոյցին հիմնական մտածումը այն է, որ այդ հին գրիչը թէեւ արդիւնաբերուած է օտար ոստանի մը մէջ, բայց կը փոխանցէ Հատտէճեանին հայ լեզուի կապակցութեամբ հետեւեալ զգացումը. «Ես ոչինչ գիտէի այն լեզուին մասին, այն տառատեսակներուն մասին, զոր դուն կը գործածէիր: Բայց շուտով հաղորդուեցայ այդ լեզուին հետ եւ կարծես ես ալ մաս կազմեցի անով ծնունդ առնող մթնոլորտին: Նոյնացայ քեզի եւ քու լեզուին հետ եւ այն ամէն ինչը, զոր թուղթին յանձնեցինք միասնաբար, անպայման բան մը կրեց ինձմէ, հոգ չէ` քու ընթերցողներդ երբեք չկրցան տեսնել այդ մէկը»:
Զրոյցի աւարտին, երբ հին գրիչը իր դառնութիւնը կ՛արտայայտէ հեղինակին` զայն գզրոցի մը մէջ թաղած ըլլալուն համար, Հատտէճեան կ՛ըսէ, թէ ժամանակը այնքան անգութ է, որ չենք կրնար ընդվզիլ անոր դէմ: Թէ` այս առումով, օր մը ի՛նք եւս պիտի նետուի գզրոցի մը անկիւնը, թաղուի փոսի մը մէջ եւ յաւիտենապէս զրկուի կեանքի բարերար լոյսէն: Թէ` ի՛նք եւս, համատարած մթութեան մէջ, պիտի սպասէ մէկու մը, որ գայ եւ պայծառացնէ իր գործը` կենսանորոգ լոյսով:
Արդարեւ, «Զրոյց` հինցած գրիչի մը հետ» խորագրեալ իր գործով Ռոպէր Հատտէճեան կը ներկայացնէ այլազան երեւոյթներ, որոնք սերտօրէն աղերսուած են ժամանակակից կեանքի բարքերուն հետ:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Սեպտեմբեր, 2011
»Պէյրութ

