ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՐՈՇՄՈՎ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան մթնոլորտը հայկականութեան պարուրելու նախաձեռնութեամբ ՇուՇի նորաստեղծ խումբը 10-13 դեկտեմբերին լիբանանահայութեան կը ներկայանայ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ցուցահանդէսով մը, որուն գլխաւոր հիւրը պիտի ըլլայ հայկական դրոշմով զարդեր, բաժակներ եւ այլ իրեր պատրաստող Արմէն Բարսեղեանը:
ՇուՇի խումբին, անոր ծրագիրներուն այս ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ խումբի հիմնադիրներէն Ռաֆֆի Տէմիրճեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ նպատակով եւ առաջադրանքով ստեղծուեցաւ ՇուՇի խումբը:
ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- ՇուՇի խումբը ստեղծուեցաւ անցնող սեպտեմբերին, երբ բարեկամիս` Արամ Գարատաղլեանին հետ կը քննարկէինք միասնաբար ծրագիրներ կազմակերպելու կարելիութիւնները: Այդ գործելադաշտերուն մէջ կար հայկական ժառանգութիւնը պահպանող ծրագիր մը ստեղծելու պահանջքը, եւ արդէն ճշդեցինք անունը… Երկամսեայ հետեւողական եւ հերթական հանդիպումներէ ետք խումբը արդէն պատրաստ էր գործելու:
Ուրեմն, խումբին ընդհանուր նպատակն է պահպանել հայութեան դարաւոր բազմաբնոյթ ժառանգութիւնը, եւ այս մեկնակէտին հիման վրայ է, որ կը ճշդենք առաջադրանքները: Խումբը առկայ բոլոր կարելի միջոցներով իր աշխատանքները պիտի ծաւալէ` երիտասարդութիւնը վերադարձնելու իր արժէքներուն:
«Ա.».- Ինչո՞ւ ՇուՇի դրիք անունը:
Ր. Տ.- ՇուՇին հայութեան միջնաբերդերէն մէկն է եւ ժամանակակից պատմութեան յաղթանակի ոգին մարմնաւորող տարածշրջանը, եւ մենք կ՛ուզենք, որ մեր խումբը առաջնորդուի այդ շունչով, այդ հոգիով…
«Ա.».- Ի՞նչ տեսակի աշխատանքներ պիտի ծաւալէք եւ ի՞նչ բնոյթի գործունէութեան հեռանկարներ ունիք:
Ր. Տ.- ՇուՇին կազմակերպման եւ ծրագրաւորման հանգրուանի մէջ կը գտնուի, եւ աշխատանքներու ծիրը երբեք չի սահմանափակուիր հանդիսութիւններ կազմակերպելով: Մեր առաջին նախաձեռնութիւնը պարզապէս օղակներէն մէկն է: Կը հաստատեմ, որ ՇուՇին ինչ որ ընէ, նորութիւն պիտի բերէ, այլապէս` պիտի չընէ: Մենք ուրիշներուն տեղը պիտի չառնենք, այլ` մենք ընկերութեան մէջ մեր իւրայատուկ տեղը պիտի կառուցենք. տեղ մը, ուր ձեւին մէջ կ’իշխէ նորարութիւնը, մինչ էութեամբ կը պահպանուի ժառանգութիւնը:
«Ա.».- Խօսինք ձեր առաջին ծրագիրին մասին:
«Ր. Տ.- Մեր առաջին ծրագիրը Ս. Ծնունդի եւ Ամանորի ցուցահանդէսն է, որ աւանդական բնոյթ չի կրեր, այլ` ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայրենի արուեստագէտ Արմէն Բարսեղեանը, որ այս նախաձեռնութեան համար ՇուՇի խումբին կողմէ հրաւիրուած է Լիբանան: Բարսեղեանին ներկայութեամբ մեր կարելի սահմաններուն մէջ նաեւ փոքր կամուրջ մը ստեղծած կ՛ըլլանք Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ: Ցուցահանդէսին մէջ այս նեղ ժամանակահատուածի ընթացքին փորձած ենք ամէն ինչ հայկականացնել, նոյնիսկ տուրմերուն զարդարանքը հայկական է… Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ օրը, ժամը 7:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ երեքշաբթի օր:
«Ա.».- Ցուցահանդէսին Բարսեղեանի կողքին ովքե՞ր կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը:
Ր. Տ.- Շարքը երկար է… Լիբանանահայ հանրածանօթ խեցեգործ Շահէ Տէր Յարութիւնեանը, Արա-Կարս Գուրճաքեանը, Կարինէ Զոպեանը, Յարութ Տեմիրճեանը, Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը, ՀայՖուտը, Զմառու գինեգործարանը, Հենրին, Ֆոթօ Րաֆֆին, Քարիթասը, Թրէյտ Փլասը, Զիւս Ուէտինքը… Անոնք պիտի ցուցադրեն ապակիի, քարի, սերամիքի, թաւիշի վրայ ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսին պիտի ցուցադրուին իւրայատուկ մսուրներ, հայկական ուտեստեղէն, տօնական զարդարանքներ… Իսկ կիրակի օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տօնական ուրախ մթնոլորտ պիտի ստեղծէ «Ուրախ տարեդարձ» խումբը:
«Ա.».- Յառաջիկայի ի՞նչ ծրագիրներ կան` մշակութային թէ կրթական իմաստով, արդեօք յաճախականութեան պատկերացում ունի՞ք, թէ յարմարութեան ձգած էք ձեռնարկներու կազմակերպումը:
Ր. Տ.- Ինչպէս արդէն նշեցի, ՇուՇի խումբին գործը միայն ձեռնարկ կազմակերպել չէ: Այնուամենայնիւ մենք որոշած ենք ծրագիրներու մասին չխօսիլ, որովհետեւ ընդհանրապէս մեծ ծրագիրներու մասին կը լսենք, ու կը կարդանք, սակայն ափսոս, որ այդ բոլորէն շատ փոքր մաս մը կը տեսնենք կամ ընդհանրապէս չենք տեսներ: Առաջին հանգրուանին հերթականութիւն ստեղծելը դժուար է, բայց անպայման պարբերաբար հանրութեան պիտի ներկայանանք մեր աշխատանքներով: Այս առիթով կը յայտնեմ, որ իբրեւ քարոզչական պատրաստած ենք երեք տարբերակ էջացոյցեր, որոնք պիտի ցրուուին հայ աշակերտութեան:
«Ա.».- Որո՞ւ հետ կը գործակցիք, այս իմաստով սահմանափակումներ կամ պատկանելիութիւն գոյութիւն ունի՞:
Մենք գործակցեցանք եւ պիտի գործակցինք բոլոր անոնց հետ, որոնք մեզի հետ միասնաբար կը միտին պահպանել հայկական ժառանգութիւնը: Սահմանափակումներ չունինք, որովհետեւ մեր սահմանները մեր արժէքներն են: Եւ վերջապէս, մեր միակ պատկանելութիւնը հայկականութիւնն է…
«Ա.».- Վերջին խօսք ունի՞ք:
Ր. Տ.- Յատուկ շնորհակալութիւն Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, տէր եւ տիկին Սէմ Րագուպեանին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան արհեստից վարժարանին, Փաքլայեան եւ Քէնըն ընկերութիւններուն, եւ բոլոր անոնց, որոնք վստահութեամբ թիկունք կանգնեցան այս ծրագիրին: Նաեւ շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին, որ առաջնորդուելով երիտասարդութեան քաջալերելու եւ նորութիւններուն տեղ տալու առաջադրանքէն, եղաւ մեր նախաձեռնութեան առաջին արձագանգողը:

