23 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ 7 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՔԱՆԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐԵԹԷ ՄԷԿ ԵՐՐՈՐԴԸ

Երէկ 7 դեկտեմբեր 7 էր. այս թուականը շատերուն համար կը մնայ սգոյ խորհրդանիշ, որովհետեւ 1988-ի երկրաշարժին 23-րդ տարելիցն է:

Այս երկրաշարժը Հայաստանի մօտ մէկ երրորդը` ներառեալ Երեւանէն ետք ամենամեծ քաղաքները` Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաք Գիւմրին ու Վանաձորը վերածեց աղէտի գօտիի: Սպիտակի երկրաշարժը խլեց 25-30 հազար կեանք, հարիւր հազարաւոր մարդիկ կորսնցուցին իրենց տանիքը, ընտանիքը եւ սիրելիները:

Ըստ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պաշտօնական տուեալներու 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի հետեւանքները ցոյց տուին, որ այն ժամանակ Խորհրդային Միութեան հովանին տակ գործող երկրաշարժէ պաշտպանութեան բոլոր օղակները բաւական ցած մակարդակի վրայ էին: Կատարուած էր ոչ պատշաճ շինարարական աշխատանք` ինկած քարակտորներու ու պատերու վրայ որոշ տեղեր բոլորովին սիմենթ չկար, հասարակութիւնը չէր տիրապետեր արտակարգ իրավիճակներուն անհրաժեշտ տարրական գիտելիքներու:

Ըստ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամուլի քարտուղար Նիկոլայ Գրիգորեանի` բարձրացուած պատերուն տակ յայտնաբերուած է դպրոցի երկրորդ դասարանը. բոլոր աշակերտները իրենց տեղերը նստած, ձեռքերը` ետեւ. «նայում էիր, սիրտդ մղկտում էր… իսկ դասարանը առաջին յարկում էր. ուղղակի կարող էին պատուհանից դուրս գալ… ուսուցիչը պատուիրել էր նստել»,- նշած է Գրիգորեանը հիւրընկալուելով «ուրուագիծ»` վանի երկրաշարժի մասին հաղորդմանը:

Անօթեւան գիւմրեցիներու մէկ մասը վերաբնակուեցաւ Հայաստանի, արտերկրի մէջ, ոմանք դեռ կը սպասեն հայրենի քաղաքի մէջ իրենց բնակարանային խնդիրի լուծմանը: Իսկ այս ուղղութեամբ միայն վերջին տարիներուն է, որ լուրջ քայլեր սկսած են իրականացուիլ միայն վերջին մի քանի տարիներուն:

«2008-ին Հայաստանի կառավարութիւնը աղէտի գօտիի մէջ անօթեւան բնակիչներու բնակարանային խնդիրի վերջնական լուծման ծրագիր մշակեց: Այդ ծրագրով 2008-2011-ին պետական պիւտճէէն յատկացուեցաւ 76 միլիառ դրամ, որով պէտք է բնակարաններ կառուցուէին անօթեւան շուրջ 4860 ընտանիքներու համար: 2009-էն սկսան մեծածաւալ շինարարական աշխատանքները: Երկու տարուան ընթացքին կատարուեցան 49,5 միլիառ դրամի ներդրումներ եւ բնակարաններ ստացան 1566 ընտանիքներ: 2011-ին պետական ներդրումները աղէտի գօտիի մէջ շարունակուեցան, իրականացուեցան եւս 26 միլիառ դրամի շինարարական աշխատանքներ եւ բնակարաններ ստացան եւս 3223 ընտանիքներ: 2012-ին ծրագիրը կը նախատեսուի շարունակել եւ բնակարանով ապահովել 1720 ընտանիքի` վերջնականապէս լուծելով աղէտի գօտիի մէջ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան դարձածներու բնակարանային հարցը»,- կը գրէ երէկ հայրենի «Ազգ» օրաթերթը:

Share this Article
CATEGORIES