ԵՐԲ ԵԳԻՊՏԱՑԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐԸ «ՀԱՅ ԴԱՏ»-Ի ԴԱՍ ԿՈՒ ՏԱՆ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Իւրաքանչիւր գիտաժողով կրնայ ընդգրկել միաժամանակ դրական եւ ժխտական երեւոյթներ, որոնք կը բխին տուեալ գիտաժողովի մասնակիցներէն կամ մթնոլորտէն:

Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններուն կեդրոնը, համագործակցութեամբ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, նոյեմբեր 14-15 կազմակերպած էր հերթական միջազգային գիտաժողով մը` «Հայաստանը` արեւելեան եւ արեւմտեան աղբիւրներուն մէջ, դարերու ընթացքին» նիւթով. անոր մասնակցած էին պատմաբաններ եւ մասնագէտներ` Հայաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն:

Չորս նիստերը նուիրուած էին հետեւեալ նիւթերուն` «Հայկական հարցը Օսմանեան կայսրութեան մէջ«, «Հայերը Եգիպտոսի մէջ», «Հայաստանն ու հայերը միջին դարերուն», «Հայաստանն ու հայերը. տեսակէտներ եւ տեսիլքներ»:

Գիտաժողովի ընթացքին հետաքրքրական եւ կարեւոր նիւթեր հնչեցին, այն իմաստով, որ բացի այլ երկիրներու մասնակցողներէն, եգիպտացի զեկուցաբերները Աղեքսանդրիոյ, Պանհայի, Գահիրէի կամ Տամանհուրի համալսարաններու դասախօս եգիպտացի պատմաբաններ էին, ինչ որ յաւելեալ հարստութիւն կու տայ տակաւին նօսրացած եգիպտահայ գաղութին:

Ընդգծելի պատկերներ սկսան, երբ նիստերու աւարտին քննարկման պահուն թուրք եւ ազերի ուսանողներ ոխակալ հարցումներ ուղղեցին զեկուցաբերներուն:

Այդ ուսանողները հաւանաբար ներկայացուցիչներն էին իրենց երկիրներուն. անոնք պահանջեցին գիտաժողովին թուրքերու ներկայութիւնը, Հայաստանի եւ հայերու մասին «սուտ» եւ «թերի» տեղեկութիւններու սրբագրումը, հասնելով մինչեւ «հայկական կողմէ ազերիական հողերու գրաւման» թեմային:

Եւ ահա այս պահուն էր, որ եգիպտացի պատմաբանները` զինուած հայկական թեմաներու շուրջ իրենց ամբարած տուեալներով, գիտական հիմքերու վրայ  պատասխանելու պատրաստակամութիւնը ստանձնեցին` ուղղակի դաս տալով թուրքին ու ազերիին:

Երկրորդ պատկերը կը բովանադակէ եգիպտացի ուսանողներ, որոնք համոզուած ներկայացուած նիւթերով` հարցեր տուին, թէ իրենք ի՞նչ պէտք է ընեն հայկական հարցի ճշմարտութիւնը ճանաչելի դարձնելու համար:

Իսկ երրորդ պատկերը կապուած է վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շքանշանով պարգեւատրուած եգիպտացի պատմաբան դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաատ Իմամի հետ. անոր պատրաստած ուսանողները արդէն կը տիրապետեն հայկական թեմաներու եւ կը մասնակցին նման գիտաժողովներու:

Հակառակ անոր որ գիտաժողովը եզրափակուեցաւ շարք մը առաջարկներով, սակայն այս երեք պատկերները մեզ կը յանգեցնեն այլ թելադրանքներու եւ հաստատումներու, թէ` գիտաժողովը իր նպատակին ծառայած է, որովհետեւ եգիպտացի պատմաբանները Հայ դատի դաս տուին թուրքերուն: Սակայն կայ նաեւ այլ կողմ մը. արդեօք մենք ուսանողներ կը գործուղե՞նք որոշ գիտաժողովներու, որպէսզի հարցադրումներ ներկայացնեն այնտեղ:

Աւելի կարեւոր առաջարկը այն է, որ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աւելցած է Եգիպտոսի գիտական շրջանակներուն մէջ, ինչ որ մեզ կը մղէ մեծ թիւով արաբ հայագէտներ պատրաստելու եւ պահելու անհրաժեշտութեան գիտակցելու. սակայն որքանո՞վ աշխատանք կը տարուի մեր Դատը պաշտպանողներ պատրաստելու, բան մը, որ կը կազմէ գիտաժողովէն բխած ժխտական երեւոյթին:

Պարզ բառերով` Հայ դատ պաշտպանելու ՄԱՐԴ պատրաստելու ուշացած, սակայն հեռանկարային պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES