ՍՏԵՓԱՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԺԱՆ ԼՈՒԻ ԺԵՐԱՐ

Նախորդ ամիս Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած երեք արուեստագէտներու միացեալ ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ստեփան Թորոսեան:

Այս առիթով ստորեւ կը ներկայացնենք օտար արուեստի քննադատ Ժան Լուի Ժերարի կարծիքը` ցուցահանդէսին ընդմէջէն Ստեփան Թորոսեանի մասին:

Լիացած կը վերադառնամ Ստեփան Թորոսեանի նկարչական աշխարհէն, որուն մէջ ընկղմեր էի:

Նախապէս համացանցի մէջ տեսեր էի գծանկար մը եւ վերագրեր էի իր հօրը, զոր ճանչցեր եմ Փարիզ, 60-ական թուականներուն, սակայն գծանկարը Ստեփանին գործն էր:

Իր շարք մը գծագրութիւնները` չինական մելանով գծուած, յաջողապէս կը ներկայացնէին Քերտոյի մենամարտի զանազան պահերը: Մատիտով գծուած այլ գծագրութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն մերկ կիներ, կը վկայեն մարդակազմութեան իր տիրապետումը:

Իր մեղմ գոյներով իւղանկարներ` (Ֆիկիւրաթիւ) կերպարային մեծամասնութեամբ, ներշնչուած կեանքէն, ունին կենսունակութիւն: Առաւել, քանի մը փոքր չափի արձաններ` դարձեալ կնոջ մարմինը ներկայացնող, յագեցած մարդակազմութեամբ, կ՛ամբողջացնեն Ստեփան Թորոսեանի արժէքաւոր գործը:

Մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք այս արուեստագէտի ասպարէզին` առանց մոռնալու այն հաճոյքը , որ պատճառած են իր հօր գործերը:

2011, Փարիզ

Share this Article
CATEGORIES