ԺԱՆՍԵՄԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` «ՀՕՐՍ ԳՈՐԾԵՐԸ ԿԸ ՑՈԼԱՑՆԵՆ ԿԵԱՆՔԻ ԴԱՌՆ ՈՒ ԴԻՒԹԻՉ ԿՈՂՄԵՐԸ` ԿՆՈՋ ԿԵՐՊԱՐԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ» «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ ԸՍԱՒ ԺԱՆԻՆ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէի, երէկ` չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբերի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ արուեստագէտ Ժանսեմի գործերու ցուցահանդէսին` Պէյրութի ծովահայեաց «Փլաթինիում Թաուըր» կեդրոնին մէջ:

ՀԲԸՄ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան կազմակերպած սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, պետական ու ազգային անձնաւորութիւններ եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

Ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին ցուցադրուած գործերուն մէջ տիրական էր կնոջ կերպարը` իր հեզ ու դառն գոյներով, իր տեսակին մէջ առաջինն է Պէյրութի մէջ եւ կը տեւէ մինչեւ տարեվերջ:

Բուն անունով Յովհաննէս Սեմերճեան, Ժան Ժանսեմ ծնած է 1920-ին, Փոքր Ասիոյ Սուսուրլուք շրջանը: Թրքական ջարդերուն եւ հալածանքներուն պատճառով փոքր տարիքէն ծնողքին հետ կը հարկադրուի անցնիլ Յունաստան, ապա Փարիզ, ուր կը կազմաւորուի անոր արուեստագէտի խառնուածքը:

Այս առիթով, «Ազդակ»-ին հետ մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին, «հօրս գործերը կը ցոլացնեն կեանքի դառն ու դիւթիչ կողմերը` կնոջ կերպարին ընդմէջէն», ըսաւ անոր զաւակը Ժանին Սեմերճեան: Խորապէս ազդուած ըլլալով իր մօրմէն` արուեստագէտ Ժանսեմ իր գործերուն ընդմէջէն կը ցոլացնէ իգական կերպարը` իր ամէնէն դիւթիչ, առինքնող ու բնատուր գոյներով: «Շատ բնական է, որ կնոջ ներկայութիւնը տիրական ըլլայ, քանի կի՛նն է կեանքի հոլովոյթին առանցքային տարրը», շարունակեց Ժանին Սեմերճեան` մէջբերելով ցուցահանդէսին ներկայ հայուհիի մը խօսքերը, ուր ան կ՛ըսէր. «Երանի՜ հայրդ հոս` մեզի հետ ըլլար, ու ողջագուրէի զինք, քանի ան իր գործերով մարդկութեան կը պարզէ կնոջ գեղեցկութիւնը»: Իր տպաւորութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժանին Սեմերճեան ըսաւ. «Թէեւ ես չեմ մասնակցած այս գործերուն, սակայն մենք ընտանեօք գիտենք գծել ու ստեղծագործել»:

Իւղաներկի, «աքուարել»-ի թէ մեռած բնութեան («նաթիւր մորթ»-ի ոճերով յատկանշուող 92-ամեայ երէց արուեստագէտ Ժանսեմ պարգեւատրուած է շատ մը առիթներով, ինչպէս` «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Հայաստանի նախագահին կողմէ ու ֆրանսական լեգէոնի «պատուոյ ասպետ»-ի կոչումով:

Ան մեծապէս ազդուած է 18-րդ դարու սպանացի արուեստագէտ Ֆրանսիսքօ Կոյայէն:

Այսուհանդերձ, անոր գլուխ-գործոցը կը նկատուի 34 պատկերներ ընդգրկող «Ջարդերը» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարուեցաւ Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր տակաւին կը մնան իբրեւ նուէր հեղինակին կողմէ:

Ժանսեմի այս խիստ տպաւորիչ գործերուն գնահատականը կարելի է ամփոփել անոր այս խօսքերով. «Գծելու արուեստ-գործողութիւնը կը քողազերծէ մեր ինքնութիւնը: Մենք կը դիմակազերծուինք այն բանով, զոր կը սիրենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES