ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ԵՐԴՈՒՄԸ. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԺԱՆԶՈՒՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՏԱՑԱՒ

Քամալ Ժանզուրիի ղեկավարութեամբ Եգիպտոսի Ազգային փրկութեան կառավարութիւնը երէկ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավար մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուիի առջեւ տուաւ իր երդումը: «Եգիպտական» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թանթաուի Ժանզուրիի կառավարութեան պարտականութիւն տուած է իշխանութիւնը ընտրովի քաղաքային իշխանութեան մը յանձնելու ժողովրդավարական երթը յառաջ մղել, ամէն տեսակի փտածութեան եւ կաշառակերներուն դէմ պայքարիլ եւ քաղաքացիներուն հիմնական կարիքները հոգալ: Ան նաեւ կարեւորութեամբ նշած է ապահովական կայունութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի արտադրողականութեան անիւը վերստին բանի: Կառավարութեան վստահուած է նաեւ «Յեղափոխութեան նահատակներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն արագ կերպով հոգատարութիւն տրամադրելու» պարտականութիւնը:

Եգիպտական վարչապետարանէն աղբիւր մը երդման արարողութենէն առաջ յայտարարեց, որ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը հրապարակած է հրամանագիր մը, որ բացի պաշտպանութեան եւ արդարադատութեան մարզերէն բոլոր մարզերուն մէջ վարչապետին նախագահական լիազօրութիւններ կը պարգեւէ, ինչ որ տեսականօրէն յառաջիկայ մարտին կազմուելիք խորհրդարանին կողմէ նոր սահմանադրութեան հաստատումէն առաջ խորհրդարանական վարչակարգի առաջին գործադրութիւնն է:

 

Share this Article
CATEGORIES