ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ԿՐԵՆ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

Ասատ` «Էյ. Պի. Սի.»-ին տրուած յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց, թէ հրամայած է իր տապալումը պահանջող ցուցարարներուն վրայ կրակ բանալ` նշելով, որ արձանագրուած զոհերուն մեծամասնութիւնը իր համակիրներէն ու ապահովական ուժերէն է: Ան յայտնեց, որ զոհերուն շարքին են 1100 զինուորներ եւ ոստիկաններ:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն պատասխանատուութիւնը ահաբեկիչները կը կրեն եւ ոչ թէ սուրիական բանակը` հերքելով այն լուրերը, թէ սուրիացի բանակայիններ ցուցարարներ կը խոշտանգեն ու կը չարչարեն:

Ասատ մերժեց անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի հրապարակած այն զեկուցումը, ըստ որուն Սուրիոյ մէջ չորս հազար զոհ արձանագրուած է` հարց տալով, թէ «ո՞վ ըսաւ, որ ՄԱԿ հաւաստիութիւն ունեցող եւ վստահութեան արժանի հաստատութիւն մըն է»:

Սուրիոյ նախագահը ըսաւ, որ իր ուժերէն սահմանափակ թիւ մը միայն իր հակազդեցութիւնը չափազանցած է` վստահեցնելով, որ անոնք հաշուետուութեան կանչուած են: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է որեւէ «սխալ» արարք անհատի վերագրել եւ ոչ թէ հաստատութեան: «Կանխամտածուած ճնշումի քաղաքականութեան եւ կարգ մը պաշտօնատարներու կողմէ գործուած կարգ մը սխալներուն միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ», ըսաւ Ասատ` աւելցնելով, որ «տարբերութիւնը հսկայական է, աշխարհի վրայ չկայ կառավարութիւն մը, որ իր ժողովուրդը կը սպաննէ, բացի եթէ անոր ղեկավարը խենթ մըն է»:

Սուրիոյ նախագահը յայտնեց, որ սուրիական քաղաքական կեանքին մէջ բարեփոխումներ եւ ընտրութիւններ սկսած է մտցնել` մատնանշելով այս տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները: Ան ըսաւ, որ «երբեք չենք ըսած, որ մենք ժողովրդավար երկիր ենք, սակայն բարեփոխումներուն մէջ յառաջխաղացք կ՛արձանագրենք, մասնաւորաբար վերջին ինը ամիսներուն ընթացքին»` նշելով, որ բարեփոխումները ժամանակի կը կարօտին, իսկ դէպի ժողովրդավարութիւն անցումը` հասունութեան:

Ասատ վստահեցուց, որ պատժամիջոցներ հաստատելու սպառնալիքները զինք չեն զարհուրած: «Վերջին 30-35 տարիներուն պատժամիջոցներու ենթարկուած ենք, ատոր մէջ որեւէ նորութիւն չկայ», ըսաւ ան: Սուրիոյ նախագահը նշեց, որ հակառակ տնտեսական պատժամիջոցներու մասին խօսքերուն, Սուրիա մեկուսացած չէ, առեւտուր կայ եւ բազմաթիւ այցելուներ կան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր երկրին մէջ արձանագրուող բռնարարքներուն համար կը զղջա՞յ, Ասատ ըսաւ. «Կարելի չէ, որ զղջումի զգացում ունենամ, երբ կարելի բոլոր ջանքերս կը թափեմ: Անկասկած ցաւ կը զգաս սպաննուած մարդոց համար, սակայն զղջում չես զգար, երբ մարդիկ չես սպաններ: Հարցը զղջումի զգացողութեան հարց չէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Ասատ, «որուն իշխանութենէն հրաժարումը կ՛ուզէ Ուաշինկթըն, Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու շարք մը առիթներ փախցուց»: Ան անհեթեթ նկատեց, որ Ասատ «կը համարձակի ըսել, թէ իր երկրին մէջ իշխանութեան տէրը չէ»: «Ասատ ընդդիմութեան խաղաղ շարժում մը վայրագօրէն ճնշելէն բացի ոչինչ կը կատարէ», նշեց Թոնըր:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց` «Սուրիոյ նկատմամբ Արաբական լիկայի նախաձեռնութիւնը վերջնագիրի չվերածելու»: Ան ըսաւ, որ արաբ դէտերու ծիրը ընդլայնելով կարելի է անոնց միացնել միջազգային դէտեր: Ան ընդգծեց, որ «Ռուսիա արաբական նախաձեռնութեան զօրավիգ կը կանգնի, որովհետեւ անիկա Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու կասեցման կ՛օժանդակէ»` աւելցնելով, որ «միայն սուրիական իշխանութիւնները բռնարարքներուն մեղսակից չեն»` նշելով միաժամանակ, որ ցուցարարներուն շարքերուն մէջ «հետզետէ աճող գրգռիչներ կան»: Լաւրով ըսաւ, որ գետնի վրայ անկողմնակալ դէտերու ներկայութիւնը պիտի օժանդակէ բռնարարքները գործող կողմի բացայայտման:

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ իր կարգին յայտնեց, որ «ներկայիս գլխաւոր առաքելութիւնը առանց արտաքին միջամտութեան Սուրիոյ մէջ կայունութեան ապահովումն է, բռնարարքներու դադրեցումը եւ ազգային երկխօսութեան սկսումը»:

Մետվետեւ Մոսկուայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւնները նկարագրեց իբրեւ «բարեկամութիւն եւ փոխադարձ համակրութիւն»` նշելով, որ «այս հիմքը, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի կիրարկման մէջ լրջութեան մեր նախանձախնդրութիւնը կը ճշդեն ներկայիս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բարդ զարգացումներուն նկատմամբ մեր երկրին կեցուածքը»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ դէտերու տեղակայման վերաբերող արձանագրութիւնը ստորագրելու համար Դամասկոսի առաջադրած նոր պայմաններուն շուրջ խորհրդակցութիւնը ընթացքի մէջ է: Նշենք, որ Արաբական լիկան երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու շարունակումը զայն փրկելու ջանքերուն կը սպառնայ:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի «Սուրիոյ կացութեան` արաբական տան ծիրին մէջ լուծումին, ինչ որ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին ապահովութիւնը, միասնականութիւնն ու անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորէ»: Ան ընդգծեց Սուրիոյ ներքին գործերուն չմիջամտելու Յորդանանի կեցուածքը` նշելով, որ Սուրիա «Յորդանանի կարեւոր դրացին է եւ անոր ապահովութիւնը մեզ կը հետաքրքրէ»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն, Ժաուտաթ Յորդանանի ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին յայտնեց, որ «Սուրիոյ հետ ունինք տնտեսական հասարակաց շահեր եւ շարք մը հարցեր, ինչպէս` սահմանը, ջուրը, Սուրիոյ մէջ հազարաւոր  ուսանողներու ներկայութիւնը, ուստի պահանջեցինք, որ տնտեսական պատժամիջոցներու հարցով դրացի երկիրներու բացառում ըլլայ, եւ այդ նկատողութիւնը արձանագրուեցաւ Արաբական լիկային մօտ, որ զայն իր յանձնարարականներուն մէջ ներառեց»:

Մինչ այդ, Դամասկոսի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրիք Շէօվալիէ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ, որոնք խորհրդակցութեանց համար տուն կանչուած էին, երէկ երեկոյեան Դամասկոս վերադարձան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ ֆորտի Դամասկոս ներկայութիւնը ամէնէն ազդու ձեւն է ուղղելու այն պատգամը, թէ Միացեալ Նահանգներ սուրիացի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ «ժողովրդավարական փոխանցումը Ասատի վարչակարգը ջնջելէն աւելին կը նշանակէ: Անիկա Սուրիան օրէնքի իշխանութեան, յարանուանական, ցեղային կամ սեռային բոլոր տարբերութիւններէն անկախ բոլոր քաղաքացիներուն միջազգային իրաւունքները պաշտպանել կը նշանակէ»:

Քլինթըն ընդգծեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը գիտէ, թէ սուրիական փոքրամասնութիւնները պէտք ունին երաշխիքներու, թէ հանդուրժողականութեան եւ ազատութեան վարչակարգի մը տակ աւելի լաւ կացութիւն պիտի ունենան»:

Միւս կողմէ, թուրք դիւանագէտ մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Անգարա իր հողամասերէն Սուրիոյ դէմ յարձակում պիտի չթոյլատրէ: Նշենք, որ «Սանա» լրատու գործակալութիւնը երեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ Սուրիոյ սահմանապահ ուժերը ձախողեցուցին Իտլիպ նահանգին մէջ Թուրքիայէն Այն Պայտա գիւղի մօտ վայրէ մը 35 անձերէ բաղկացած զինեալ խումբի մը ներթափանցման փորձը` վիրաւորելով անոնցմէ շատեր եւ դէպի Թուրքիա փախուստի մատնելով խումբը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք երեքշաբթի օր մեկնաբանելով սուրիական բանակին երկու օր առաջ կատարած հրթիռային ռազմափորձերը յայտնեց, որ «Ասատ ընտանիքը (Սուրիոյ մէջ) վերահսկողութիւնը կը կորսնցնէ եւ Սուրիոյ նախագահին ճակատագիրը տապալումն է, ըլլայ այդ քանի մը շաբաթէն կամ ամիսէն»` նշելով, որ «Ասատի վարչակարգի տապալումը ծայրայեղութեան առանցքին եւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլային ծանր հարուած մը պիտի ըլլայ»:

Իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը երէկ նախատեսեց, որ դեկտեմբերի կէսէն յունուարի կէսը երկարող ժամանակին ընթացքին Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ շրջանային պատերազմ մը տեղի ունենայ: Կայքէջը նշեց, որ վերջին օրերուն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան կատարած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք վերոնշեալ ժամանակաշրջանին Իրանի դէմ զինուորական հարուած մը ներառող շրջանային պատերազմի կը պատրաստուին: Ռուս զինուորական փորձագէտ, հանգստեան կոչուած զօրավար Լիոնիտ Իվաշոֆ «Ռուսիա Եոմ»-ին յայտնեց, որ ռուսական մարտանաւերը Միջերկրականի մէջ կը գտնուին մեծ պատերազմ մը կանխարգիլելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES