«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԻՄՆԱՐԱՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑՈՒՄԸ ԼՈՒԾԵԼԻ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔ Է» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԶԱ
«1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցումը լուծելի առաջադրանք է:
«Համաձայնեցման համար գոյութիւն ունին անհրաժեշտ քանի մը առանձնայատուկ մանրամասնութիւններ, որոնց լուծումը տագնապի կողմերէն փոխադարձ վստահութիւն կը պահանջէ», ըսած է Պրայզա` նշելով տագնապի կողմերուն միջեւ մթնոլորտը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:
Ամերիկացի դիւանագէտը ընդգծած է, որ տագնապի կարգաւորումը լուծելի առաջադրանք է: «Մինսքի խմբակի համանախագահները պէտք է շարունակեն նախագահներուն հետ հանդիպումները: Յոյսով եմ, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ մօտիկ ապագային: Գիտեմ, որ համանախագահները կ՛աշխատին քաղաքական մթնոլորտը բարելաւելու եւ կողմերուն միջեւ վստահութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ», նշած է Պրայզա:


