ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՐՍԷՅ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մեկնեցաւ ֆրանսական Մարսէյ քաղաքը, ուր պիտի մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան պետական ղեկավարներու 20-րդ նիստին:

Այցելութեան ծիրին մէջ ի պատիւ նախագահին երէկ երեկոյեան Մարսէյի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան-Քլոտ Կոտեն քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում մը կազմակերպեց հայկական համայնքի մեծաթիւ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Մարսէյի հայկական համայնքի ղեկավար Տիգրան Հարունեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ասիկա Սերժ Սարգսեանի Մարսէյ տուած առաջին այցելութիւնն է: Ըստ անոր, համաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը պիտի հանդիպի իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին` Նիքոլա Սարքոզիի հետ:

Հայաստանի նախագահին այցելութեան ընթացքին կ՛ուղեկցին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES