ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ 23-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ. ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՅԱՐԳԷ ԱՆՄԵՂ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Վարչապետ Սարգսեան ծաղկեպսակ կը զետեղէ

1988-ի աւերիչ երկրաշարժի 23-րդ տարելիցին առիթով, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ այցելեց Լոռիի եւ Շիրակի մարզերը:

Վարչապետ Սարգսեան ծաղկեպսակ զետեղեց Սպիտակի եւ Գիւմրիի մէջ կանգնեցուած երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններուն եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց անմեղ զոհերու յիշատակը:

Այնուհետեւ վարչապետին մասնակցութեամբ Ամասիա շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ հիմնովին նորոգուած մանկապարտէզին եւ համայնքային կեդրոնին, ինչպէս նաեւ բուժարան-հաստատութեան մասնաշէնքերուն: Շրջանի մանկապարտէզը կարելիութիւն ունի ընդունելու 60 երեխաներ, իսկ բուժարան-հաստատութիւնը կը սպասարկէ համայնքի եւ անոր յարակից բնակավայրերու շուրջ 9000 բնակիչներուն:

Բուժարան-կեդրոնը ունի ծննդատուն, դարմանատուն եւ շտապօգնութեան ծառայութիւն:

Երկրաշարժէն 23 տարի ետք Գիւմրիի մէջ մօտ 6000 ընտանիքներ կը շարունակեն ապրիլ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ, որոնք վաղուց քայքայուած են եւ անբնակելի դարձած:

Պետութիւնը պարտաւորուած է լուծել անոնցմէ 3200-ին բնակարանի հարցը:

Սակայն, Գիւմրիի «Մուշ-2» թաղամասին մէջ կը կառուցուին ընդամէնը 1756 բնակարաններ: Յաջորդ տարի բնակարանաշինութեան համար պետական պիւտճէին մէջ գումար չի նախատեսուիր:

Պետութիւնը աւելի աժան տարբերակ ընտրած է` բնակարաններու գնման վկայագիրներ յատկացնել: «Շիրակ կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Վահան Թումանեան, որ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը զբաղի անօթեւաններու խնդիրով, այստեղ լուրջ վտանգ կը տեսնէ:

Ըստ անոր, պետութիւնը այս վկայագիրներով պարզապէս իր վրայէն այդ հոգը կը հանէ: Ան նշեց, որ կարողական անօթեւաններ պիտի ըլլան այն ընտանիքները, որոնց տրամադրուած են վկայագիրներ, որովհետեւ այդ գումարը պիտի հանեն` պարտադրուած, որովհետեւ եթէ չհանեն, պիտի կորսնցնեն նաեւ այդ վկայագիրները եւ պիտի կեղծեն, թէ իբրեւ թէ բնակարան գնած են, ինչպէս անցեալին եղած է:

Դեռ 3 տարի առաջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 2013 թուականը յայտարարած էր աղէտի գօտիին մէջ անօթեւանութեան խնդիրի լուծման վերջնաժամկէտ:

«Շիրակ կեդրոն» կազմակերպութեան նախագահին դիտարկումներով, սակայն, 2013-ին աղէտի գօտիին մէջ անօթեւանութեան խնդիրը կարելի չէ լիարժէք կերպով լուծել:

«Յայտնուեցան մօտ 300 ընտանիքներ, որոնք կառավարութեան որոշման համաձայն իրաւունք չունին բնակարանային հատուցման ծրագիրին մասնակցելու միայն այն պատճառով, որ անօթեւաններու ցուցակին մէջ չեն հասցուցած հաշուարկուիլ տարբեր պատճառներով», կը հիմնաւորէ Վահան Թումասեան: Ըստ անոր, կառավարութեան որոշումով սահմանուած է, թէ անոնք որոնք չեն հաշուարկուած` պետութիւնը անոնց նկատմամբ որեւէ պարտաւորութիւն չունի: Ան նշեց, որ Գիւմրիի մէջ կան մօտ 3-4000 տնակներ, որոնք այս քաղաքականութեան շարունակութեան պարագային, պիտի մնան տասնամեակներ:

Քսաներեք տարի առաջ` 7 դեկտեմբեր 1988-ին, ժամը 11:41-ին, Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը ցնցեց Հայաստանը: Հզօր ստորերկրեայ ցնցումները կէս վայրկեանի ընթացքին քանդեցին հանրապետութեան հիւսիսային մասը:

Պաշտօնական տուեալներով, զոհուած էին աւելի քան 25 հազար բնակիչներ, 19 հազար հոգի հաշմանդամ դարձած էր եւ 530 հազար բնակիչներ անօթեւան մնացած էին:

Երկրաշարժին իբրեւ արդիւնք հիմնաւորապէս քանդուած էր Սպիտակ քաղաքը: Քանդուած էին 21 քաղաքներ եւ աւաններ, 324 գիւղեր եւ ոչնչացուած էր Հայաստանի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքի` Լենինականի (ներկայիս` Գիւմրի) բնակարանային եւ արտադրական շինութեանց 80 առ հարիւրը:

Share this Article
CATEGORIES