«ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՆԿԱՏԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՄԵԽՏԻԵՒ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեխտիեւ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներուն գործունէութիւնը կարելի չէ գոհացուցիչ նկատել:
Ան նշած է, որ ազրպէյճանցի ժողովուրդը վաղուց արդէն հասկցած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրները գաղտնի «հայկական բռնագրաւումի քաղաքականութիւնը» կը պաշտպանեն: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրները պէտք է գիտնան, որ ազրպէյճանցի ժողովուրդի համբերութեան սահմանը այդքան ալ մեծ չէ, համբերութեան բաժակը արդէն լեցուած է», ըսած է Մեխտիեւ:
CATEGORIES Հայկական