ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԿԸ նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ յունուարին այցելէ Ֆրանսա:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ իրենք նախանձախնդիր են, որ կառավարութիւնը լուծէ սուտ վկաներուն թղթածրարը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ սպանութիւններուն մէջ Հըզպալլա մեծ փորձառութիւններու տէր է` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են սուտ վկաներու թղթածրարը վերաբանալու եւ այդ հարցը մինչեւ վերջ շարունակելու:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը Մազարեհ Շեպաայի եւ Կոլանի մէջ զինավարժութիւններ եւ ռազմափորձեր կատարեցին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց սահմանադրական հաստատութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան եւ հաստատութիւններուն միջեւ հաշտութիւնը վերահաստատելու կարեւորութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը սեփական դիմադրողականութիւն ունի ներքին եւ ամերիկեան բոլոր թոյներուն նկատմամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Սրիֆա եւ Տէյր Քիֆա գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող շրջանին մէջ գրաւեց իսրայէլեան լրտեսական նոր սարքեր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհը իր ուժերը զօրաշարժի ենթարկած է` Դիմադրութեան դէմ կռուելու եւ զայն տապալելու նպատակով:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ կան առաջնահերթութիւններ, որոնք կը ճշդուին վարչապետին կողմէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց ընդառաջելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ուղղած երկխօսութեան կոչին:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ լրտեսութեան հետ կապուած օտար որեւէ գաղտնի սպասարկութեան աշխատանք ուղղակի ոտնձգութիւն կը նկատուի Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան նկատմամբ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան կառավարական աղբիւրներէ, շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումին փոխարէն սուտ վկաներուն թղթածրարը վերաբանալու հարցը սակարկութիւն չէ:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց վերացնելու բոլոր խոչընդոտները, որոնք կ՛արգելակեն Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն վերսկսումը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք ընդունեց մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքին, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող հարցեր:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յառաջիկայ 8 յունուարին այցելէ Լիբանան` քննարկելու համար Միջազգային դատական ատեանին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Մարուն Ռասի մէջ պայթեցուց փճացած ռումբեր եւ ականներ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերն ու բանակը անցեալ նոյեմբերին ամբողջ Լիբանանի տարածքին ձերբակալեցին տարբեր քաղաքացիութիւններ կրող 500 անհատներ, որոնք գործած էին տարբեր յանցանքներ եւ օրինազանցութիւններ: