«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ՈՉ ՄԷԿԸ ՎԱՐԿԱԲԵԿԱԾ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՊԸՐՐԻ

Պըրրի` Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց կառավարութիւնը հարցապնդելու լիագումար նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 14 դեկտեմբերին:

Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահը ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը` ընկերակցութեամբ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան տագնապին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Արսլան ընդգծեց սուտ վկաներու թղթածրարը վերստին քննարկելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ եթէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յայտարարած ձեւով կարելի չըլլար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը, ինք այլ ծրագիրներ պիտի առաջադրէր: Ան նշեց, որ ինք Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման քանի մը տարբերակ ունէր` աւելցնելով, որ յարմար պահուն ինք պիտի բացայայտէ այդ տարբերակները:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ ինք ֆինանսաւորումին վերաբերող իր մշակած ելքերը պահած է խիստ գաղտնի` աւելցնելով, որ այդ մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը տեղեակ պահած է` առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջոցով:

Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ իր ունեցած լուծման մասին ինք տեղեակ պահած է նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլը, ապա այդ լուծումը բացայայտած վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթին:

Պըրրի շեշտեց, որ գրաւոր ոչ մէկ օրէնք կայ` այդ ատեանը Լիբանանին կատարուած նուիրատուութիւններուն ճամբով ֆինանսաւորելու առումով, հետեւաբար ոչ մէկ հաւանականութիւն կայ այդ լուծման հակասահմանադրական ըլլալուն գծով:

«Հետեւաբար Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կարծէք երկինքէն իջաւ եւ կատարուեցաւ` առանց ոեւէ մէկը վարկաբեկելու», շեշտեց Պըրրի:

 

Share this Article
CATEGORIES