ՖԵԼԹՄԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման երէկ կէսօրին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ֆելթման դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի կողմէ:
Ֆելթման այցելեց վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ եւ անոր յանձնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն նամակ մը:
Հանդիպումէն ետք Ֆելթման իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը` աւելցնելով, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները պատասխանատու կը մնան միջազգային իրենց պարտաւորութիւններուն, ինչպէս` Միջազգային դատական ատեանին եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին:
Ֆելթման շեշտեց, որ ինք պիտի այցելէ նաեւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու` աւելցնելով, որ ինք պիտի չանդրադառնայ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններուն վերաբերող տեղեկագիրներուն, որովհետեւ այդ իմաստով ոչինչ ունի ըսելիք:
Ֆելթման ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան` նկատել տալով միաժամանակ, որ կառավարական մակարդակի վրայ իրենք երկար պատմութիւն ունին Լիբանանի հետ:
Ան հաստատեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը զօրակցի լիբանանեան բանակին եւ կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը անոր: