ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԲԱՂԿԱՑՆՈՂ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏ

Նիստէն պահ մը

Ռապիէի մէջ երէկ կէսօրին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մաս կազմեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ: Նիստէն ետք զօր. Աուն նշեց, որ համախմբումի նախարարները պիտի մասնակցին կառավարութեան գումարելիք նիստին` շարունակելու համար աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի կողմէ ներկայացուած աշխատավարձի յաւելման օրինագիծին քննարկումը, «եւ նկատի ունենալով, որ կը գտնուինք տօնական օրերու սեմին, կը մաղթենք, որ այդ ծրագիրը իրականանայ, որպէսզի բոլոր քաղաքացիները իրենց իրաւունքը ստանան եւ աւելի խաղաղ կեանք մը ապրին», ըսաւ զօր. Աուն:

Զօր. Աուն ըսաւ, որ աւելի ուշ իրենք աւելի ընդարձակ կերպով եւ համախմբումին դաշնակից քաղաքական մնացեալ ուժերը ներառելով պիտի քննարկեն ներկայացուած բոլոր պահանջները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել առնուելիք վերջնական քայլը:

 

Share this Article
CATEGORIES