ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ 600 ՀԱԶԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՍԿԻԻ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց կառավարութեան նիստին, որ գումարուեցաւ նախագահական պալատին մէջ` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը:
Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման լուսարձակի տակ առած է Լիբանանի մէջ վերջերս արձանագրուած ապահովական միջադէպերը, որոնց շարքին` Սահել Ալմայի մէջ Միրիամ Աշքար անունով երիտասարդուհիի մը սպանութիւնը, որուն յանցագործը շուտով կարելի եղած է բացայայտել երկրին ապահովական ուժերուն կողմէ: Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման ողջունած է ապահովական ուժերը:
Հանրապետութեան նախագահը ակնարկած է նաեւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած աւազակութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ` դեղարաններու գողութիւնները, որոնք վերջերս տարածուած են:
Նախագահ Սլէյման անդրադարձած է նաեւ «Լիպան լէ» գործարանի ընդհանուր տնօրէնի առեւանգումին, շեշտելով երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատած է, որ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կը հանդարտեցնէ երկրին մթնոլորտը եւ կը պահպանէ անոր ապահովական կայունութիւնը` նկատի ունենալով շրջանային ապահովական զարգացումները:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղած է դատական իշխանութիւններուն արագացնելու վճիռներու արձակումը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատած է Լիբանանի մէջ տնտեսական կայունութեան եւ աճ արձանագրելու երեւոյթը, յատկապէս ճարտարարուեստի մարզի արտադրութիւններուն արտածման առումով:
Նախագահ Սլէյման նաեւ շեշտած է, որ պետական նշանակումներուն առումով ոչ մէկը վեթոյի իրաւունք ունի` աւելցնելով, որ կան որոշ պաշտօններ, որոնք նշանակումի յատուկ չափանիշեր ունին եւ կը կատարուին այդ մարզին պատասխանատու նախարարին որոշումին հիման վրայ:
Նախագահ Սլէյման հաստատած է, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս կարեւորագոյն յանձնառութիւնը ներքին լիբանանեան անվտանգութեան ամրապնդումն է:
Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնած է, որ նախարարաց խորհուրդն է յարմար վայրը` քննարկելու համար երկիրը յուզող բոլոր հարցերը, ինչպէս նաեւ ան է երկրին գործադիր խորհուրդը, հետեւաբար ան մերժեց կառավարութեան նիստերուն կայացման արգելակումը, ինչ ալ ըլլան պատճառները:
Վարչապետ Միքաթի նախագահ Սլէյմանէն խնդրած է անմիջապէս վերսկսիլ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել լիբանանցիներուն շահերը եւ դիմագրաւել երկրին դէմ սպառնացող մարտահրաւէրները, որովհետեւ Լիբանան այսօր կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն միասնականութեան` պահպանելու համար իր ապահովական կայունութիւնն ու համերաշխութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի շեշտած է, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է սերտել ելեկտրականութեան, ջուրի եւ այլ մարզերուն մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքը:
Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ընդգծած է, որ տօնական օրերուն սեմին երկրին մէջ ապահովական միջոցառումները աւելի լուրջ պիտի ըլլան` պահպանել կարենալու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Ան կոչ ուղղած է նաեւ բոլոր մարզերուն մէջ գործող սեփականատէրերուն, որ Նոր տարուան առիթով ահռելի կերպով յաւելումներ չկատարեն տարբեր արտադրութիւններուն, պանդոկներուն, սննդեղէնին եւ այլ մարզերու պարագային:
Վարչապետ Միքաթի յայտնած է, որ ինք ստացած է Ֆրանսա այցելութեան հրաւէր մը, որուն կը մտածէ ընդառաջել յառաջիկայ յունուար 2012-ի երկրորդ կիսուն:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է նուազագոյն աշխատավարձը վերածել 600 հազար լ. ոսկիի, ինչպէս նաեւ 500 հազար լ. ոսկիէն մինչեւ մէկ միլիոն լ. ոսկի հասնող ամսականներուն պարագային ճշդել 30 առ հարիւրի յաւելում մը, որ պէտք է տարուբերի 150-200 հազար լ. ոսկիի միջեւ: Իսկ մէկ միլիոն լ. ոսկիէն աւելի հաշուող աշխատավարձերուն պարագային յաւելումը պէտք է ըլլայ 20 առ հարիւրի համեմատութեամբ, պայմանաւ որ այդ յաւելումը աւելի քան 275 հազար լ. ոսկի չըլլայ:
Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ առ հաշիւ գումարներ յատկացնել հետեւեալ դրութեամբ. ա) 17 միլիոն լ. ոսկիի յատկացում մը` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան, որպէսզի ան կատարէ 2007-2008 կրթական տարեշրջանին ձրի վարժարաններուն կառավարութեան խոստացած գումարներուն պարտաւորութիւնը, բ) մէկ միլիառ 37 միլիոն լ. ոսկի` մշակոյթի նախարարութեան, գ) 9 միլիառ 750 միլիոն լ. ոսկի` պաշտպանութեան նախարարութեան դ) 11 միլիառ 39 միլիոն լ. ոսկի` ներքին գործոց նախարարութեան, հոգալու համար ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնութեան կարիքները:
Տաուք շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ վաղը` ուրբաթ, 9 դեկտեմբերին, վարչապետարանին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին: