ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՍՕՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր կէսօրին եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Հայաստան` ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին:

Նախագահ Սլէյման Երեւանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սարգսեանի եւ պետական ու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Նախագահ Սլէյմանի պիտի ընկերակցի նաեւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմող նախարարները իրենց հայաստանցի պաշտօնակիցներուն հետ պիտի ստորագրեն փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնող համաձայնագիրներ կրթական, մշակութային, զբօսաշրջական, ճարտարարուեստի եւ արտաքին հարցերու ծիրին մէջ:

Միւս կողմէ, Հայաստան մեկնելու նախօրեակին, նախագահ Սլէյման հայաստանեան հանրային պատկերասփիւռի կայանին («Հ1») հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը` Լիբանանի մէջ, յատկապէս քաղաքական, ընկերային, տեղեկատուական, մշակութային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Հայաստան կատարելիք իր այցելութենէն ինք լուրջ արդիւնքներ կ՛ակնկալէ` յատկապէս Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ծիրին մէջ` դիտել տալով, որ այդ յարաբերութիւնները գոյութիւն ունեցած են փիւնիկեցիներուն ժամանակաշրջանէն ի վեր: «Իսկ մենք մեծ յոյսեր ունինք եւ կը ջանանք փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրներու ծիրին մէջ բարելաւել եւ ամրապնդել լիբանանեան-հայաստանեան յարաբերութիւններն ու քաղաքական առումով երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ զօրակցութիւնը», շեշտեց նախագահ Սլէյման:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանան ճիգ չի խնայեր բարգաւաճման եւ բարեկարգումի ծրագիրներ մշակելու եւ գործադրելու. ան մաղթեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը կարենայ իր դրացի երկիրներուն հետ ունեցած հարցերուն լուծում գտնել:

(Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք հետագային):

Share this Article
CATEGORIES