ՃԱՏՐԱԿ. ԼՈՆՏՈՆ ՉԵՍ – ՔԼԱՍԻՔԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Լոնտոն Չես Քլասիքի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանին, այսօր` հինգշաբթի, 8 դեկտեմբերին, հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, եբր ճակատի նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի դէմ, որ այժմ 8 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի Արոնեանի, ան 4 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Նշենք, որ 4-րդ հանգրուանին Արոնեան մրցում չկատարեց` նկատի ունենալով, որ մասնակցողներուն թիւը անզոյգ է (9):
CATEGORIES Մարզական

