ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՔՈՒԱՆՏՈՅԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՊԱՏՈՒԵՑ 2012-Ի ԼՈՆՏՈՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻՆ ԻՐ ՏՈՄՍԸ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԱՆՏՐԷԱ ՓԱՈՒԼԻՆ
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մոնրօ պանդոկին մէջ (Այն Մրայսէ), Լիբանանի Թեքուանտոյի ֆետերասիոնը պատուեց Անտրէա Փաուլին, որ տասը օր առաջ ապահոված էր 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիականին իր տոմսը`
Ասիոյ զտումի մրցումներուն բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելուն համար:
Այս հանդիսութեան ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, որ կը ներկայացնէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա (երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ), Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Թոնի Խուրի, Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Փիոնկ Տժի Քիմ, Անգլիոյ դեսպանի ներկայացուցիչ Քէյթ Սետճի, թեքուանտոյի ֆետերասիոնը հովանաւորող ընկերութեան` «Սարատար» խմբակի ընդհանուր տնօրէն Մարիօ Սարատար մարզական լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:
Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Քերըն Լահուտ շնորհաւորելով Փաուլին մաղթեց, որ ան ամէն գնով յաջողի մետալով մը վերադառնալ Լոնտոնէն:
Աւարտին ան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Փաուլիին` արձանագրուած այդ կարեւոր նուաճումին համար:
Իր խօսքին մէջ, երեսփոխան Ապի Ռամիա ըսաւ, որ Ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսը ապահոված Անտրէա Փաուլի, Դուին Մումջողլեան (փինկ փոնկ) եւ Էտուար Մաալուֆ (անդամալոյծներու մարաթոն), Ֆրանսայի մէջ իրենց բանակումը պիտի կատարեն Ֆրանսայի մարմնակրթութեան նախարարութեան հոգատարութեամբ եւ հսկողութեամբ:
Իսկ Զէյտ Խիամի ըսաւ, որ նախարար Քարամէի որոշումով, մինչեւ Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն ազդանշանը տրուիլը, նախարարութեան կողմէ ամսականներ պիտի տրուին Փաուլիի, Մումջողլեանի եւ Մաալուֆի:
Իսկ Շարթիէ իր արտասանած խօսքէն ետք ոսկեայ շղթայ մը նուիրեց Փաուլիի` Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին կողմէ:


