ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂԱՔԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Սեւակ Քեթենճեան (Լուսանկարը տրամադրեց` ԼԱՐԱ ԱՐԱԲԿԻՐԼԵԱՆ)

Երէկ, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 81-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատի Ղազիրը:

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 20-15, 18-11, 26-14 եւ 17-23:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (24), ապա` Սեւակ Քեթենճեան (21) եւ Մարիօ Ապպուտ (20):

Օրուան իրաւարարներն էին Թոնի Խուրի եւ Փոլ Սքայեմ:

4-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատի Ֆէյթրուն: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES