ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԻՇԵԼ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2011-ին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց ՀՄԸՄ-ի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի միացեալ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի խումբերու մարզիչ Րաֆֆի Մումջողլեան, ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ անդամներ Ուաէլ Նուրէտտին եւ Ահմետ Արաքճի, որոնց կ՛ընկերանար Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեան Դուին Մումջողլեան, որ իր շահած բաժակը նուիրեց նախագահին:

Նախագահը գնահատեց Դուին Մումջողլեանի իրագործումը` յուսալով, որ ան նաեւ լաւ արդիւնքներ արձանագրէ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն, ապա նախագահը յուշանուէր մը յանձնեց Դուին Մումջողլեանին:

 

Share this Article
CATEGORIES