ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՓՈՓՈԽՈՒՈՂ ԴԷՄՔԵՐ` ՄԷԿ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՄԷՋ

Մայքըլ Ռէյնոյի տեսերիզը կարելի է դիտել` այցելելով հետեւեալ կայքէջը. http://www.dailymail.co.uk/sciencetech/article-2064096/Changing-faces-single-photo-The-image-blow-mind.html#ixzz1fnR9fcz7
ՀԻՓՆՈՍԱՑՆՈՂ ՏԵՍԵՐԻԶ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐԷ ԱՆՆԿԱՏ ԿԵՐՊՈՎ ԻՐԱՐՈՒ ՄԷՋ ՄԻԱՁՈՒԼՈՒՈՂ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ, ԴԱՐՁԱԾ Է ՎԱՐԱԿԻՉ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: «ՏԷՅԼԻ ՄԷՅԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՈՎ ՄԸ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՅՍ ՇԱՐԺՈՂ ՊԱՏԿԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս Կ՛ԱՆՃՐԿԷ ՈՒՂԵՂԸ:
Ակնթարթ մը, եւ կը կորսուի պատկերը:
«Ամալկամէյշըն» (միաձուլում) գործն է շարժուն կրաֆիքսի ֆրանսացի արուեստագէտ Միքայել Ռէյնոյի եւ կը պարունակէ սեւ ու ճերմակ լուսանկարներ, որոնք առնուած են Մայքըլ Ճենկի կողմէ:
Համակարգչային ՃԻՖ ծրագիրը օգտագործելով` Ռէյնօ բազմաթիւ լուսանկարներ խտացուցած է այնպէս, որ զանոնք վերածած 1:24 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզի մը:
ՃԻՖ (կրաֆիքս ինթըրչէյնճ ֆորմաթ) ելեկտրոնային պատկերի ծրագիր մըն է, որ շուկայ իջած է 1987-ին:
Այնուհետեւ այս ծրագիրը առաւելաբար գործածուած է` ստեղծելու համար շատ կարճ եւ փոքր շարժուն պատկերներ:
Ռէյնոյի գործը մաս կը կազմէ Մեմըրի Թէյփս վաճառանիշին կողմէ հրապարակուած «Թրիշիփ» տեսերիզներու շարքին: Անիկա կը սկսի Ճենկի «Սամըր ուետըր» (ամառնային օդ) դիմանկարներու շարքէն քաղուած աղօտ դէմքերով: Լուսանկարները կը պատկերեն 1983-ին պատկերասփիւռի տեղական կայանի մը օդերեւոյթի յայտագիրը վարող հաղորդավար մը գտնելու նպատակով կազմակերպուած մրցանքի մը մասնակցած անձերը:
Տեսերիզին մէջ տարեց թէ երիտասարդ անձերու ժպտացող դէմքերը կը ստանան արտայայտութենէ զերծ պատկեր մը, մինչ անոնք կը ձեւափոխուին, կ՛ընդլայնին եւ կը կծկուին:
Իգական նուրբ գիծեր կը կերպարանափոխուին եւ կը վերածուին բարակ պեխերով արական դիմագիծերու, ապա` պիսակաւոր դէմքերով պատանիներու, որոնք կը ժպտին իրենց ակռաները սեղմող մետաղէ թելերուն ընդմէջէն:
«Կը սիրեմ ՃԻՖ-ը իբրեւ իւրայատուկ ուսմունք: Անիկա կրնայ շարք մը նկարներ օղակել անվերջ, մանրամասնութիւնները շեշտել` հիփնոսացնող շատ կարճ ժապաւէնի մը պէս», կ՛ըսէ Ռէյնօ:
«Հետեւաբար փորձեցի ՃԻՖ-ի միջոցով միաձուլել արդէն միաձուլուած դիմանկարներ, ապա այս գործընթացը հասցուցի իր գագաթնակէտին` ստեղծելով «Ամալկամէյշըն» տեսերիզը», կը բացատրէ ան:
Ռէյնօ իր «Տունուն» ընկերութեան միջոցով կը ստեղծէ եւ կը մշակէ «իւրայատուկ, փոխհակազդեցութեան վրայ հիմնուած եւ ինքնաբնութագրումի ծառայող ծրագիրներ` օգտագործելով ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցներ», ինչպէս կը նկարագրէ ան:
«Նպատակս է ստեղծել զարմանք պատճառող գործեր», կը գրէ ան համացանցի իր կայքին մէջ եւ կ՛աւելցնէ, թէ ինք` «տեւաբար կը ձգտի հասնիլ լաւագոյն որակի, նոյնիսկ երբ ոմանք վստահաբար զիս պիտի նկարագրեն իբրեւ ցաւագար մը»:
Այս արտառոց արուեստագէտը իր «Ամալկամէյշըն» գործով վստահաբար ուշադրութեան կեդրոն դարձած է 19 նոյեմբերէն ի վեր, երբ զայն տեղադրած է տեսերիզներ հրապարակող vimeo.com կայքին մէջ, ուր կը հպարտանայ, թէ ցարդ աւելի քան 12 հազար հոգի դիտած են զայն:
Սակայն պատկերներու փոխանակումի յատուկ կայքերու մէջ, ինչպէս` «Ռետիթ» եւ «Իմկուր», այս գործին ժողովրդականութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին. աւելի քան մէկ միլիոն հոգի դիտած է զայն եւ 8 հազար հոգի քուէարկած է այս գործին:
Քուէարկողները անմիջապէս փառաբանանքի խօսքերով գնահատած են գործը: Սակայն ոմանք նախընտրած են հեռու մնալ անոր ետին գտնուող «աչքը ծակող» արհեստագիտութենէն:
«Մեր ուղեղը պատրաստ չէ ասոր», կ՛ըսէ «Ռետիթ»-ի վրայ հրապարակուած կարծիք մը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ