ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՁԵՌՔԵՐԸ ՀՐԱՇԱԼԻ ԵՆ

Վելասքեզի խորամանկ թզուկը...

ՁԵՌՔԸ` ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԱՐՄՆԻՆ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՄԷԿ ՄԱՍՆԻԿԸ ՈՐՔԱ՛Ն ԽՈՐԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ ԿԸ ԿՐԷ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳԻՐՔԻ ՄԸ, ՈՐ ՀԱՃԵԼԻ ՈՃՈՎ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՁԵՌՔԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ԱՄԷՆ ԲԱՆ` ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՈՅԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ:

Համակարգչային «Ափըլ» ընկերութեան ձեւագծողներէն Պրեթ Վիքթըր նոյեմբերին հրապարակեց շատ իմաստալից գիրք մը, որուն մէջ կը բացատրէր փոխհակազդեցութիւններու վրայ հիմնուած ապագայի ձեւագծումներուն մեր թիւր տեսլականները: Գլխաւոր չորս գաղափարներ զարգացնելով` ան հպանցիկ ակնարկ մը կը նետէր ձեռքերու մասնագէտ բժիշկ Ճոն Նափիըրի վաղեմի մէկ գիրքին: Այլեւս վարժուած ըլլալով ամէնէն հետաքրքրական յայտնագործութիւնները կատարելու ծանօթագրութիւններու եւ հպանցիկ ակնարկներու մէջ` գնեցի գիրքը, որուն վերնագիրը պարզապէս «Հենծ» (ձեռքեր) էր: Առաջին անգամ 1980-ին հրատարակուած այս ուսումնասիրութիւնը պատկերազարդ գանձարան մըն էր, որ կը պարունակէր խոր ներհայեցողութիւն մը մարդկային ամէնէն հիմնական մէկ երեւոյթին մարդակազմական բնոյթին, անոր դերակատարութեան եւ եղափոխութեան վերաբերեալ: Նափիըր կը ներկայացնէ ձեռքին առնչուող հրաշալի նիւթերու շարք մը, սկսեալ` բռնելու դերէն մինչեւ մատնահետքեր, ձեռքի շարժումներ, ձեռքի խնամք եւ գործիքներ գործածելու կարողութիւն: Այս բոլորը հետազօտելու ընթացքին ան ընթերցողին կ՛ընձեռէ հաճելի մանրավէպերու, ժամանցի եւ ուսանելի գիտելիքներու հետաքրքրական խառնուրդ մը:

Նափիըր սկիզբէն կը մէկտեղէ գիտութիւնն ու պատմելու արուեստը` կատարելով «Սթար ուորզ» ժապաւէններու երեւակայական աշխարհին ամէնէն իմաստուն տիպարին` Եոտայի յատուկ ոճի դիտարկութիւններ: Այսպէս, ան կը գրէ.

«Հանգիստի պահուն ձեռքը գեղեցիկ է իր հանդարտութեան մէջ, սակայն անսահմանօրէն աւելի գրաւիչ է հեզասահ շարժումի պահուն»:

Եւ`

«Երբ ձեռքը հանգիստ է, դէմքը հանգիստ է: Սակայն կենսունակ ձեռք մը կ՛արտացոլէ կենսունակ ուղեղ մը»:

Միքելանճելոյի «Դաւիթ»-ի արձանին ձեռքը կ՛արտացոլէ հանգիստ ձեռքի մը դիրքը:

Վելասքեզի պատկերած Ֆիլիփ Դ. թագաւորին պալատական թզուկին դէմքը կ՛արտացոլէ խորամանկ արտայայտութիւն մը, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ անոր ձեռքերը եւս մտադիր են նոյնքան խորամանկ բան մը կատարելու: Կասկած չկայ, թէ մեծամիտ թզուկը կախարդական հնարք մը ի գործ կը դնէ գեղանկարին մէջ:

Ժամանակները իրարու շաղկապող այս գրաւիչ գիրքը կը պարունակէ նաեւ արդի ժամանակներու լրատուամիջոցներու իրականութիւնները եւ ուժգին կերպով կը յուշէ գնահատել այն, ինչ որ ունինք այսօր մեր տրամադրութեան տակ:

«Գիտնականներու եւ ոչ գիտնականներու միջեւ վիհը նոյնքան խոր չէ ներկայիս, որքան` անցեալին, մասնաւորաբար` ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի եւ գիտութեան մասին տեղեկացնող այլ միջոցներու ներգործութեան պատճառով», կը գրէ Նափիըր:

Ապա հետաքրքրութեան եւ իմացական հանգիստի ոլորտներուն մասին խորիմաց խորհրդածութիւն մը կը ներկայացուի հաճելի երգիծանքով.

«Կը յուսամ, որ գիտնականներ պիտի չվիրաւորուին ոչ այնքան արհեստագիտական այս մօտեցումէն: Անոնք նոյնիսկ կրնան փրկութիւն մը գտնել անոր մէջ: Ինչպէս Մարկարեթ Միտ կը գրէ` «Բնագէտի մը համար նոյնիսկ բուսաբանը սովորական բանուոր մըն է»: Բոլորս սովորական բանուորներ ենք մեր մասնագիտութենէն դուրս: Թերեւս գոյութիւն ունի գիտութեան մէկ լեզու, սակայն գոյութիւն ունին անոր բազմաթիւ բարբառները»:

Սակայն հետեւեալ պարբերութիւնը, որ քաղուած է գիրքին «շնորհակալութիւններու» մասէն, ճշմարիտ վկայութիւն մըն է գիտութեան եւ ստեղծագործական մէկտեղումի այն հիւսուածքին, որ ամէն բանէ աւելի խանդավառեց զիս.

«Ոեւէ մէկը, որ գիրք մը կը գրէ գիտութեան մասին կամ որեւէ այլ նիւթի մը, որ հարուստ է տուեալներով, թիւերով եւ գաղափարներով, սկիզբէն պարտական է մինչեւ վիզը: Ան պարտաւոր է մուրալ, փոխ առնել, աջ ու ձախ գողնալ… Մեր տեղեկութիւններուն մեծ մասը քաղուած է մեր լսած զրոյցներուն յիշողութենէն, տուեալներու այն պատառիկներէն, որոնք մնացած են մեր յիշողութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` այն փայլուն գաղափարներէն, զորս կարդացած ենք, սակայն անմիջապէս մոռցած ենք անոնց աղբիւրը»:

Ձեւագծող ենք, թէ` գաղտնի ոստիկան, արուեստագէտ, թէ` մարդաբան, վիրաբուժ, թէ` լուղորդ, «Հենծ» այն գիրքն է, որ պիտի չկարենանք վար դնել` շնորհիւ մեր երկու բութամատերուն հրաշալիքին եւ Նափիըրի գրաւիչ լուսաբանութեան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES