ՈՍԿԵՂԻՆԻԿԸ ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԵՆՔ ՈՒ ՀԱՐՍՏԱՑՆԵՆՔ ԶԱՅՆ
ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Մայրենի լեզուի մաքրութեան եւ հարստացման համար մղուող պայքարը լեզուի բազում մասնագէտներու ուսումնասիրութեան եւ զանոնք յուզող հիմնական հարցերէն մէկը եղած է:
Անցեալէն մինչեւ մեր օրերու լեզուաբաններ, Աճառեանէն մինչեւ Ջահուկեան, Աղայեան, Բարսեղեան եւ ուրիշներ, գիշերներ լուսցուցած են մեր հնադարեան մեսրոպաշունչ լեզուն հասցնելու համար լեզուական հարուստ եւ նախանձելի մակարդակի մը:
Բացի լեզուագէտներէ, յօդուածագիրներ, բազմաթիւ գրութիւններով, ի սէր մայրենի լեզուին, ճգնած են սրբագրել թերիները, չափաւորել չափազանցութիւնները, մաքրազտել օտարաբանութիւնները, մէկ խօսքով` առաջքը առնել ամէն բանի, որ կը խաթարէ մայրենի լեզուի պարզ ու յստակ դիմագիծը: Նման մտադրութիւններ անշուշտ կ՛ուրախացնեն ընթերցողը:
Սակայն, եկէք ու տեսէք, որ մայրենի լեզուի սիրոյն անաչառ լեզուաբանին եւ յօդուածագիրներուն կատարած աշխատանքը արժանացած է արհամարհանքի եւ անտարբերութեան` կարգ մը գրոց-բրոցներու եւ մանաւանդ որոշ ցուցամոլ մարդոց կողմէ, որոնց խօսակցական «հայերէնը» խառնարան մըն է:
Միթէ այդ օտարամոլներուն օգտագործած օտար բառերը անհրաժե՞շտ են իրենց միտքը արտայայտելու համար: Միթէ օտար բառերը կը հարստացնե՞ն մեր լեզուն: Որքանո՞վ կը տուժէ հայոց լեզուն, որքանո՞վ անհասկնալի կը դառնայ անիկա ժողովուրդին համար եւ կամ որքանո՞վ է սխալ, եթէ այդ օտարամոլը իր գրութեան կամ խօսակցութեան նկատմամբ քիչ մը զգուշանար օտար բառերէ եւ օգտագործէր անոնց համարժէք հայերէն բառերը:
Հաւանաբար անոնք պիտի ըսեն, թէ օտար բառերը կը հարստացնեն մեր լեզուն, ուստի պէտք չէ անոնցմէ հրաժարիլ, կամ պիտի արդարացնեն իրենք զիրենք` ըսելով, թէ մեր լսողութիւնը վարժուած է այդ բառերուն:
Եթէ խմբաւորենք այդ օտարամոլներուն պատճառաբանութիւնները, օտար բառերու պաշտպանութեան օգտին անոնց տուած հիմնաւորումները, կը ստանանք հետեւեալ պատկերը:
1.- Եզրերը միջազգային են, պէտք չէ թարգմանել:
2.- Բառեր կան, որոնք հարազատ են մեր լսողութեան, կամ մեր լեզուին մէջ թափանցելով` արմատացած են արդէն:
3.- Հետեւելով տարբեր ժողովուրդներու` պէտք է իւրացնել միջազգային իրաւունք ստացած կարգ մը եզրեր:
Բայց ի՞նչ հիմնաւորում պէտք է ունենան անոնց պատճառաբանութիւնները: Օտարամոլները չե՞ն մտահոգուած, որ այդ տրամաբանութեամբ կ՛իյնան չափազանցութիւններու մէջ:
Անոնք երբեմն զիջումներ կատարելով` կ՛առաջարկեն օգտագործել զուգահեռներ` լիրիկ-քնարերգ, իդիալոգ-գաղափարախօս, եւ այլն:
Լաւ, ի՛նչ պատճառաբանութեամբ օգտագործենք զուգահեռներ եւ յանուն ի՞նչ բանի: Ընդհանրապէս լեզուն փոխառութեան կը դիմէ այն պարագային, երբ պէտք կը զգայ: Հայոց լեզուն ունի համարժէքներ, որոնք աւելի հասկնալի են, հետեւաբար պէտք չունի զուգահեռներու: Միթէ հայոց լեզուն այդքան ագա՞հ է, որ ցանկայ իր ունեցածին դիմաց օտար բառերու տիրանալու:
Օտարամոլներ կ՛ըսեն, թէ հարկ չկայ հայկականով փոխարինել հինէն ի վեր մեր լեզուին մէջ մուտք գործած շարք մը օտար, քաղաքական, գիտական, մասնագիտական, մշակութային եւ կենցաղային բառեր, որովհետեւ անոնց հայերէն հնչիւնները դադրած են հասկնալի ըլլալէ:
Առնենք, օրինակ, կենցաղային բառ մը` ճաշակելիքներու վերաբերեալ: Առանց որեւէ ճիշդ հիմնաւորման` անոնք պիտի պաշտպանեն «հաթ-տակ» բառը եւ պիտի պարսաւեն նրբերշիկը: Վերոյիշեալ բառը պէտք չունինք նոյնիսկ պատճէնաւորումով փոխ առնելու:
Պիտի ըսենք, թէ պէտք չէ միշտ տարբեր լեզուներէ պատճէնաւորումով թարգմանել: Եթէ ունինք բառը, պէտք է օգտագործենք: Եւ գլխաւորը այն է, որ եթէ այդ բառը կ՛արտայայտէ տուեալ առարկայի մը կամ երեւոյթի մը իմաստը, ուրեմն ճիշդ է եւ օգտագործելի: Տուեալ պարագային «նրբերշիկ» ըսելով` միթէ տարբե՞ր բան կը պատկերացնենք, կամ անիկա ուտելիքին իմաստը չ՛արտայայտե՞ր: Ի՞նչ է նրբերշիկը, արդեօք երշիկի տեսակ չէ՞:
Նման բառեր շատ կան` սուփ-արգանակ, փիւրէ-խիւս, մենիւ-ճաշացանկ եւ այլն:
Միթէ թոյլատրելի՞ է հիմնուիլ առօրեայ գործածական բառերու վրայ եւ գրաւոր խօսքի վկայական տալ անոնց: Ի հարկէ այդ չի նշանակեր, որ պէտք է ձերբազատիլ կենդանի խօսքերէ: Այդ պարագային պէտք է հայկական բազմաթիւ բառերու հրաժեշտ տանք: Այստեղ կայ հարցին երկրորդ երեսը. յաճախ որոշ մարդիկ կ՛ամչնան մաքուր հայերէնով խօսելու, հետզհետէ ալ կ՛ամչնան մաքուր հայերէնով գրելու: Իսկ մաքուր հայերէնով խօսիլն ու գրելը ոչ միայն ամօթ չէ, այլեւ անհրաժեշտ է ու պարտադիր: Չէ՞ որ մենք հետագայ սերունդներուն հետ գրաւոր խօսքի միջոցով կապուած ենք: Անոնք հետագային կրնան մեղադրել մեզ` անհարկի բառերու օգտագործման համար:
Պատճառաբանութիւններէն մէկն ալ այն է, որ նախկին հասկնալի հայերէն բառերը իրենց դիրքերը զիջած ու տեղի տուած են «միջազգային գործնական բառերուն» դիմաց, որոնք աւելի հասկնալի են, յարմար են կամ` արտայայտիչ: Կը զարմանանք, թէ օտարամոլը ի՛նչ տրամաբանութեամբ օտար բառերը աւելի հասկնալի նկատած է:
Ինչո՞վ անհասկնալի են, անյարմար եւ անարտայայտիչ` վեհաժողով, գաղափարախօսութիւն, քնարերգութիւն, մտաւորականութիւն բառերը: Օտարամոլին համար այստեղ պատճառաբանութիւն չկայ վստահաբար: Թերեւս միակ պատճառաբանութիւնը այն է, որ այս պարագային ամէն ոք այդ բառերուն կը դիմէ, հետեւաբար միջազգային բառերը աւելի լայն հասկացողութիւններ են: Նախ երբեք չեն խորացած այդ միջազգային բառերուն մէջ, եւ այնպէս կը յայտարարեն, թէ «լայն է», հետեւաբար սեփականն ալ նեղ է ու չի կրնար արտայայտել այն, ինչ որ կ՛ընէ միջազգայինը:
Կան այնպիսիներ, որոնք կ՛ըսեն, թէ մեր հին սեփական բառերը հիւանդութիւններով վարակած են մեր լեզուն, եթէ մեր ժողովուրդը աւելի քիչ օտար բառեր օգտագործէ, աւելի նուազ «մշակոյթ»-ի տէր կ՛ըլլայ:
Միթէ արեւմտահայ գրական լեզուն սխա՞լ վարուեր է` հրաժարելով անցեալին մեր լեզուին մէջ մուտք գործած բազմաթիւ օտար անհարկի բառերէ:
Այս կարգի մարդիկ իրենց արդարացումը հիմնաւորած են այն պատճառաբանութեամբ, իբր թէ անհիմն է օգտագործել հայկական հին բառերը, քանի այդ ձեւով դէմ եղած պիտի ըլլանք լեզուական մաքրութեան, որուն համար պայքարիլը յետադիմութիւն կը նկատեն անոնք: Այստեղ պէտք է խոստովանինք, թէ անոնք անգիտակցաբար եւ առանց հիմնաւորման կը վիրաւորեն, օրինակ, Մխիթարեանները, որոնք մեր հնադարեան լեզուն բառաստեղծումներով հարստացուցած եւ հասցուցած են նախանձելի մակարդակի մը:
Ահա թէ այս մասին ինչ ըսած է հունգարացի արեւելագէտ Էտմոնտ Շուցը. «Բառային հարստութեան նախանձելի առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ հայերէնի իւրաքանչիւր նոր հասկացողութիւն միշտ կրցած է ստեղծել նոր եւ դիպուկ բառ, երբեմն նոյնիսկ ոչ միայն մէկ, այլ` շարք մը բառեր»:
Օտարամոլներ պէտք է գիտնան նաեւ այն, թէ լեզուն կը զարգանայ սեփական միջոցով:
Վերջացնելէ առաջ, օտարախօս-օտարամոլներու համար պիտի թուեմ քանի մը խորհուրդներ, որպէսզի քիչ մը աւելի զգուշանան եւ իրենց խօսակցութեան կամ գրութեան ընթացքին օգտագործեն մաքուր հայերէն.
Ա.- Հրաժարիլ այն բոլոր օտար բառերէն, որոնք ունին իրենց հայերէն համարժէքները:
Բ.- Հրաժարիլ այն բոլոր օտար բառերէն, որոնք սկզբնական շրջանին չեն ունեցած հայերէն զուգահեռներ, եւ որոնք ստեղծուած են հետագային, մեր լեզուի բառակազմական միջոցներով:
Գ.- Թոյլ չտալ օտարաբան-հայերէն զուգահեռներու գործածութեան:
Դ.- Չհիմնուիլ այն բանին վրայ, թէ օտար բառերը աւելի «լայն» հասկացողութիւն գտած են ու հարազատ են մեր լսողութեան :
Ե.- Անհրաժեշտ պարագաներուն` դիմել փոխառութեան:
Այս յօդուածը կ՛ուզեմ վերջացնել Էտմոնտ Շուցի հետեւեալ խօսքերով. «Հայոց լեզուն իր լեզուաստեղծական ուժով ընդունակ է խոյանալու մինչեւ Մասիսի բարձունքները եւ միաժամանակ բիւրեղեայ է, ինչպէս` Սեւանայ լիճին ջուրերը»…