ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ 10-ՐԴ ԵՒ 20-ՐԴ ԴԱՐԵՐՈՒՆ. ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ` «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 4-ՐԴ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ
ԳԷՈՐԳ ՀԻՆԴԼԵԱՆ
«Կիւլպէնկեան» գրադարանը միջազգային իր չորրորդ գիտաժողովը գումարեց Երուսաղէմի մէջ, անցնող յուլիս 11-13 միջեւ, նիւթ ունենալով «Հայկական մշակոյթը եւ արուեստի պատմութիւնը` 10-րդ եւ 20-րդ դարերու ընթացքին»:
Այս տարուան գիտաժողովը իր տեսակին մէջ ամէնէն ընդարձակն էր` ներկայութեամբ 35 դասախօսներու, որոնցմէ 25-ը եկած էին զանազան երկիրներէ, ինչպէս` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Շուէտէն, Զուիցերիայէն, Լեհաստանէն, Հայաստանէն, Աւստրիայէն, Սպանիայէն ու Երուսաղէմէն:
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր ի պատիւ երկու գիտնականներու` Երուսաղէմի թէ այլ վայրերու հայկական արուեստը տասնամեակներ շարունակ ուսումնասիրած արուեստի աշխարհահռչակ պատմաբան փրոֆեսէօր Ճոն Քարզուէլի (որ նաեւ հանրածանօթ է «Հայկական գեղասալներ»-ու մասին իր երկհատորեայ կոթողական ուսումնասիրութեամբ) եւ` Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ ժառանգութեանց գլխաւոր գիտնականներէն հայր Ժերոմ Մըրֆի Օ՛Քոննըրի:
Նախքան գիտաժողովին բացումը, յուլիս 9-էն սկսեալ, արդէն իսկ զգալի էր ժողովականներու թէ օտար այցելուներու եռուզեռը Երուսաղէմի, յատկապէս` հայկական թաղամասէն ներս: Ոմանք նման հանդիպումներու մասնակցած նախկին ժողովականներ էին, ուրիշներ առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէին նման գիտաժողովի մը:
Պատրիարքարանի աւագ լուսարարապետ Նուրհան արք. Մանուկեան ողջոյնի իր օրհնութեան խօսքին մէջ ընդգծեց սոյն գիտաժողովին կարեւորութիւնը` նշելով, որ Սուրբ Երկրի մասին գիտական առաջին հետազօտութիւնը կը վերագրուի երկու երիտասարդ պատմաբաններու` հայր Գարեգին Յովսէփեանի եւ հայր Մեսրոպ Մովսէսեանի, որոնք 1907-ին ձեռնարկած էին հետազօտական իրենց երկարատեւ պրպտումի աշխատանքին: «Անոնք վերջին անգամ 1914-ին այցելած էին Սուրբ Երկիր, բոլորովին անգիտակ, թէ քանի մը ամիսներ ետք պատմական Հայաստանէն մաս մը պիտի դառնար աւերակ, բնակչութիւնը սպանդի ենթարկուէր, հարիւրաւոր կոթողներ քարուքանդ պիտի փճացուէին ու հնադարեայ ձեռագիրներ հրոճարակ դառնային» շարունակեց Նուրհան արք. Մանուկեան, միաժամանակ շեշտելով, որ կորուստը անփոխարինելի է, ու առ այդ, հայութիւնը մեծ վստահութիւն ունի արուեստի պատմաբաններուն հանդէպ, որոնք` «պիտի կարենան պրպտել ու փրկել հայ մշակոյթի ժառանգ` հնադարեայ արուեստի մասունքները»:
Փոխանցելով սրբազան հօր ողջոյնները` Նուրհան արք. ներկաներուն մաղթեց եռօրեայ շինիչ քննարկումներ, կուտակուած երկարամեայ գիտելիքներու մասին կարծիքներու փոխանակումներ ու ժողովական առողջ ու արգասաբեր մթնոլորտ: Ան հաւաստեց, թէ Ս. Յակոբայ եղբայրակցութիւնը արուեստի պատմաբաններուն պիտի ընծայէ ամէն դիւրութիւն, որպէսզի անոնց աշխատանքները ընթանան հեզասահ կերպով:
Նուրհան արք. Մանուկեան շնորհակալական խօսք ուղղեց «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, Ս. Սարգիսի խնամակալութեան, Մարթին Եսայեանին, Զաւէն Եկաւեանին ու Աստղիկ Չամքերթենին, որ «մեզ պատուած է իր ներկայութեամբ»:
Գրադարանի տեսուչ հայր Նորայր Գազազեան իր կարգին ջերմօրէն ողջունեց ներկաները` ընդգծելով, որ Երուսաղէմի մէջ ամբարուած հայկական արուեստի մասունքները մեծապէս նպաստած են մեր ազգային արուեստի հետազօտական ուսումնասիրութեանց:
Գիտաժողովի աշխատանքները համակարգող Գէորգ Հինդլեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց սոյն ձեռնարկին պատմական կարեւորութիւնը` զայն նկատելով վերջին քսանամեակին հայ արուեստի պատմութեան յատկացուած կարեւորագոյն գիտաժողովներէն մէկը: Հինդլեան արուեստի այդ մշակները նմանցուց առաքեալներու, որոնք կը ճգնէին` խրախուսուած յայտնագործելու եւ պահպանելու ոգիով: Ան որպէս օրինակ նշեց հայր Ժերոմ Մըրֆին եւ փրոֆեսէօր Ճոն Քարզուէլը, որոնք իրենց համակ կեանքը նուիրած էին հետազօտական մասնագիտական պրպտումի դաշտերուն:
Առաջին նիստը յատկացուած էր խաչքարերու: Բանախօսներ Յարութիւն Խաչատուրեան եւ Միշէլ Պասմաճեան ներկայացուցին 4000 խաչքարերու առնչուող իրենց բաղդատական ուսումնասիրութիւնները: Պրպտումի այդ աշխատանքը արգասիքն էր անոնց 20-ամեայ հետազօտական արշաւներուն` Երուսաղէմի, Հայաստանի եւ Սպահանի մէջ: Այսպիսով, կարելի կ՛ըլլար բացայայտօրէն տեղեկանալ տարբեր դպրոցներու պատկանող խաչքարերու ոճային տարբերութիւններուն: Անոնց այդ աշխատանքը մօտերս լոյս պիտի տեսնէ երկու հատորով:
Ապա խօսք առաւ փրոֆ. Փաթրիք Տօնապետեան, որ յատուկ ուրուագծումներով ներկաներուն պատկերացուց սփիւռքահայ տպաւորիչ խաչքարեր, ցոյց տալով, թէ անոնք որքա՜ն կը տարբերէին հայրենի խաչքարերէն: Ան ներկայացուց յատուկ լուսանկարներ` Կիլիկիոյ թէ այլ շրջաններու հազուագիւտ խաչքարերէն: Փրոֆ. Տօնապետեան կը ծրագրէ առաւել եւս խորացնել, ընդարձակել իր պրպտումները` նշեալ երկու տիպի խաչքարերու սահմանումները աւելի արդիական ոճով ներկայացնելու նախանձախնդրութեամբ:
Երկրորդ նիստին Գէորգ Հինդլեան պատմականը ըրաւ Երուսաղէմի հայկական թանգարանի ծագման` 1970-ական թուականներուն, կեդրոնանալով պղնձեայ գոյքերու հաւաքածոյին վրայ: Գոյքեր, որոնք նուիրուած էին ուխտաւորներու կողմէ, եւ որոնք ան շատ կը սիրէր պարբերաբար փայլեցնել, որովհետեւ իւրաքանչիւր առարկայ դրոշմուած էր յատուկ արձանագրութեամբ մը` իր առջեւ բանալով նոր աշխարհ մը, որ զինք կը փոխադրէր դէպի Թոքաթ, ուր ստեղծագործուած էին պղնձեայ այդ արուեստի գործերը:
Դոկտ. Թոմաս Հիւմըլ` Ուաշինկթընի եպիսկոպոսական դպրեվանքէն, խօսեցաւ աշխարհագրագէտ, երկրախոյզ Խաչիկ Լեւոնեանի հազուագիւտ մէկ ձեռագիրին մասին: Դոկտ. Հիւմըլ կը մտադրէ աւելի խորացնել ու նրբագրել իր ուսումնասիրութիւնը, երբ ամբողջանայ Խաչիկ Լեւոնեանի մատենագրութեան անգլերէնի թարգմանութիւնը: Նշենք, որ Լեւոնեան ձեռնարկած էր Վանի սրբավայրերու յատուկ կոթողներու ուսումնասիրութեան, որ բարեբախտաբար աւարտած էր 1914-ին, Ցեղասպանութենէն տարի մը առաջ:
Իր կարգին, փրոֆ. Պէաթրիս Սեն Լորան, իր շահեկան դասախօսութեամբ խիստ բարձր գնահատեց հայազգի գեղասալագործներուն ներդրումը «Վէմ»-ի եւ «Շղթայ»-ի տաճարներու յարդարումին թէ զարդարումին գծով: Ան ընդգծեց, թէ որքա՜ն յար եւ նման էին Ս. Յակոբի ու «Վէմ»-ի տաճարներուն գեղասալները:
Յետմիջօրէի նիստին հայրենի ծանօթ հնագէտ փրոֆ. Համլետ Պետրոսեան, ներկաներուն զեկուցեց Արցախի ու Տիգրանակերտի պեղումներէն յայտնաբերուած հայ քրիստոնէական յուշարձաններուն եւ իրլանտական «բարձրախաչ»-երուն մասին: Ան աւելցուց, թէ նշեալ պեղումներէն ի յայտ եկած էին թեւաւոր խաչքարեր, յար ու նման` իրլանտական «բարձրախաչ»-երուն:
Զուիցերիայէն` Եւրոպայի հայկական ուսումնասիրութեանց միջազգային ընկերակցութեան ատենապետ փրոֆ. Վալանթինա Քալզոլարի խօսեցաւ Երուսաղէմի գրաւման առիթով Գրիգոր Տղայի գրած «Ողբեր»-ուն մասին: Օգտագործելով բաղդատական օրինակներ ու վկայաբերելով հեղինակի մէկ երկին շատ յաջող թարգմանութիւնը` ան ընդգծեց, թէ այդ շրջանին ընդհանրացած երեւոյթ էր պատմական դէպքերը երկար քերթուածներով հաղորդելու ոճը:
Ապա խօսք առաւ Երուսաղէմի խաչակրական ժամանակաշրջանի դէպքերու հոլովոյթին մասնագէտ փրոֆ. Տընիս Փրինկըլ, որ անդրադարձաւ Եւրոպայի ուղեւորներու դէպի Կիլիկիա կատարած այցելութիւններուն: Ան կեդրոնացաւ Վիլպրանտ Օլտենպըրկի հեղինակած գործերուն վրայ, ուր հարազատօրէն նկարագրուած են` տեղւոյն առօրեայ կեանքը, թագաւորական պալատն ու կաթողիկոսութիւնը:
Յաջորդ նստաշրջանը սկսաւ Երեւանի Մատենադարանի աշխատասիրող դոկտ. Էտտա Վարդանեանի ներդրումով: Մեկնաբանելով Լվովի աւետարանը, ան հարց տուաւ, թէ արդեօք կարելի՞ էր այդ մէկը կոչել` «Թագադրութեան աւետարան»: Զանազան ժամանակաշրջաններէ բաղդատական գրութիւններ իբրեւ օրինակ մէջբերելով` ան եզրակացուց, թէ հարցը բաւական բարդ էր եւ հետեւաբար կարելի չէր վերջնական եզրակացութեան յանգիլ:
Հայերու մասին իտալացիներու կարծիքին անդրադառնալով` հանդէս եկաւ փրոֆ. Ալպերթօ Թոնինի, որ հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր «Հայերը իտալական ակնոցով դիտուած» խորագրեալ նիւթին ընդմէջէն: Ան իր տեղեկութիւնները հիմնաւորած էր` օգտագործելով 1878-1923 տարիներու իտալական վաւերագրութիւնները: Ան նաեւ կեդրոնացաւ իտալացի հիւպատոսներու բազմաթիւ տեղեկագրութեանց վրայ, որոնց մէջ հանգամանօրէն նկարագրուած են Անատոլուի հայկական ջարդերը` իրենց ամէնէն տագնապալի շրջաններուն:
Իր կարգին, շուէտացի պատմաբան դոկտ. Կորան Կիւննարտ անդրադարձաւ քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան Հայաստանի մէջ տիրած իրավիճակին: Ան յատկապէս ծանրացաւ Սվենտ Հետինի գործերուն, ուր կարելի էր նկարազարդուած տեղեկութիւններ գտնել Մուսուլի անապատին մէջ վերապրած հայերու մասին:
Երեքշաբթի, 12 յուլիսին, Գերմանիայէն դոկտ. Մելինէ Փեհլիւանեան խօսեցաւ տպագրութեան գործած ազդեցութեան մասին, 18-րդ դարու հայկական ընկերութեան վրայ: Ան ներկայացուց նշեալ շրջանի գլխաւոր տպագրիչներէն քանի մը ռահվիրայ դէմքերու գործունէութիւնն ու յարաբերութիւնները` տպագրական կեդրոններու հետ, նշելով անոնց ազդեցութիւնը հայ համայնքներուն վրայ:
Մոնրէալէն փրոֆ. Այտա Պուճիգանեան նախապատրաստական տեղեկութիւններ փոխանցեց իր նորագոյն ուսումնասիրութեանց դաշտին մասին, որ այս անգամ կ՛արծարծէ հայոց ոսկերչական արուեստը: Պրպտելով գրեթէ ազգային այս արուեստի վերջին տարիներու ներքին ուժաբանական տուեալները` դոկտ. Պուճիգանեան յաջողած էր տեսախօսական ձեւով ներկայացնել քանի մը դէմքեր աշխարհասփիւռ ոսկերիչներէն:
Մոնփելիէի ակադեմականներէն դոկտ. Իզապէլ Էոժ խօսեցաւ «Արծաթէ դար»-ու հայ մշակոյթին առնչուող ձեռագիրներու շրջանառութեան մասին: Ան յաջողած էր յայտնաբերել, նշեալ շրջանին Հայաստանի տարածքին ճամբորդած ու իրենց հմտութիւնները օրուան թագաւորներուն եւ կաթողիկոսներուն տրամադրութեան տակ դրած որոշ մատենագիրներու եւ արուեստագէտներու ինքնութիւնն ու ձեռագիրները:
Յաջորդ նստաշրջանը յատկացուած էր բնագիրներու, յիշատակարաններու եւ կոնդակներու: Եբրայական համալսարանի հայկական ուսմանց բաժանմունքի երկարամեայ վարիչ փրոֆ. Մայքըլ Սթոն խօսեցաւ «Աբրահամեան աւանդութեան» հայերէն թարգմանութեան գտած ընդունելութեան ու այս գծով կատարուած վերատեսութեան մասին: Սթոն ընդարձակ քննարկումով լուսարձակի տակ առաւ «Աբրահամեան աւանդութեան» տեղն ու վարկը հայկական բնագիրներուն մէջ` նշելով անոր յաճախական ներկայութիւնը հայերէն գրութեան մէջ:
Դարձեալ Մոնփելիէէն փրոֆ. Ժերար Տէտէեան ներկայացուց խիստ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը` մինչեւ 16-րդ դար երկարող Կիպրոսի հայկական գաղութի պատմութեան մասին, հիմնուելով հայկական ձեռագիրներու յիշատակարաններուն վրայ: Ներկայիս ան լծուած է այս գաղութի պատմութեան առնչուող իր հատորի ամբողջացման աշխատանքին եւ այս գծով պրպտած ու հաւաքած է բազմաթիւ աղբիւրներ, ներառեալ` միջնադարեան արխիւներ:
Ապա խօսք առաւ Եբրայական համալսարանի արուեստից պատմաբաններէն դոկտ. Նինա Սթոն, որ խօսեցաւ 17-րդ դարու Երուսաղէմի հայկական կոնդակներուն մասին` ծանրանալով զարդականական շրջաններուն ու Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանէն լոյս տեսած բազմաթիւ տեղեկագիրներուն վրայ:
Վարշաւայէն փրոֆ. Վալտեմար Տելիւկա անդրադարձաւ այս մայրաքաղաքի հայոց արուեստին, 18-րդ դարու ընթացքին: Ան ընդգծեց, թէ գոյութիւն ունին լեհական արուեստի, յատկապէս հիւսուածեղէնի մարզի զարգացման մէջ հայոց նպաստին առնչուող անծանօթ պատմագրութիւններ: Ան այս գծով ակնարկեց Թուրքիոյ ու Պարսկաստանի հայ վաճառականներուն ու արուեստագէտներուն եւ յամեցաւ անոնց խաղացած դերին վրայ:
Նմանապէս, գիտաշխատող Ժոաննա Ռիտզքովսքի անդրադարձաւ լեհա-լիթուանական միութեան մօտ գտնուող, 16-17-րդ դարերուն Թոքաթէն գաղթած հայերու ստեղծագործած մանրանկարներուն: Ան ընդգծեց նշանաւոր մանրանկարիչներ Յակոբի եւ Մինասի ներդրումը` թուելով Վարշաւիոյ, Վիեննայի ու Երեւանի մէջ գտնուող երկու տասնեակ ձեռագրեր:
Երեքշաբթի օրուան վերջին նիստը կ՛առնչուէր երուսաղէմեան նիւթերու: Ակնաբուժական հիւանդանոցի նախկին տնօրէն Նազարէթ Պէննէեան բուսաբանի ակնոցով նկարագրեց հայկական թաղամասի բուսաբանական պարտէզը:
«Աքսա» գրադարանի վարիչ դոկտ. Քատեր Սալամէ խօսեցաւ 18-րդ դարուն շէյխ Խալիլիին, Գրիգոր Շղթայակիրին ու Հաննա վարդապետին միջեւ եղած կապերուն մասին: Ան «Շարիայի ատեան»-ի արխիւներուն մէջ գտած էր Գրիգոր Շղթայակիրի կառուցողական ծրագիրներուն պատկանող բազմաթիւ տեղեկագրութիւններ: Ան նաեւ նշեց, թէ «Աուքաֆ»-ի շատ մը պաշտօնագիրներուն մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ Հաննա վարդապետի անուան:
Երուսաղէմի հայազգի պատմաբան դոկտ. Ալպերթ Աղազարեան խօսեցաւ դարերու ընթացքին Պաղեստինի հայութեան ինքնութեան զարգացման փուլերուն մասին` նշելով, թէ անոնք յարգուած էին քաղաքի զանազան հաւաքականութիւններէն, եւ թէ` հայերու ներդրումը մեծապէս կը գնահատուէր բնիկներուն կողմէ:
Ապա գիտաժողովին մասնակիցները այցելեցին Թորգոմ արք. Մանուկեանին: Պատրիարքը ջերմ ու քաջալերական խօսքերով ողջունեց ժողովականները` նշելով, որ իր յառաջացած տարիքը յամեցուցած էր զինք: Ան մաղթեց, որ մտաւորական նման խումբեր շարունակեն իրենց ստեղծագործ աշխատանքը Սուրբ Աթոռի փառքին համար: Իսկ երեկոյեան պաշտօնական ընթրիքին, գիտաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբը յուշանուէրով մը պատուեց դոկտ. Կորան Կիւննարտը, անոր մատուցած ծառայութեանց համար` հայ ժողովուրդին ու մշակոյթին:
Գիտաժողովի վերջին օրուան առաջին նիստը դարձեալ յատկացուած էր Երուսաղէմի հայոց պատմութեան: Մանկավարժական բարձրագոյն ուսման շրջանաւարտ հայր Կորիւն Պաղտասարեան անդրադարձաւ այս գաղութի տպագրական պատմութեան` վերատեսութեան ենթարկելով անոր 180 տարիները: Ան խօսեցաւ այս մարզի ստեղծման դժուարին փուլերուն մասին` նշելով զանազան պատրիարքներու դերն ու դրոշմը` հայ տպագրական արուեստի կազմակերպման ու արդիականացման ճիգերուն մէջ:
Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ արարողապետ հայր Գուսան Ալճանեան սրտայոյզ նկարագրականով ներկայացուց Երուսաղէմի Աւագ շաբթուան ծիսակատարութիւնները` ծանրանալով անոնց յատկանիշներուն վրայ եւ ընդգծելով վաղեմի կարգ մը կերպարներ:
Վիեննացի դոկտ. Հերպըրթ Մաուըր ներկայացուց աւստրահայ դիւանագէտ Յակոբ Փասքալի կենսագրականը: Փասքալ երկար տարիներ վարած էր Երուսաղէմի ու Եաֆայի մէջ Աւստրիոյ փոխհիւպատոսի պաշտօնը: Ան խիստ կարեւոր նկատեց այս մասին աւստրա-հունգար յուշամատեաններուն եւ տոմարներուն մէջ նշուած տեղեկութիւնները:
Ուաշինկթընէն դոկտ. Ռութ Համըլ խօսեցաւ «Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը` դիտուած 17-րդ դարու արեւմտեան ուղեւորներու դիտանկիւնէն» նիւթին շուրջ: Ան յայտնեց, թէ ուղեւորներ մեծ համարում ունէին հայոց հանդէպ` այս վերջիններու ունեցած կամրջումի դերակատարութեան համար` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ:
Մարսէյէն դոկտ. Պորիս Աճեմեան խօսեցաւ հետաքրքրաշարժ դրուագի մը մասին, որ պատահած էր 1920-ական թուականներուն, Եթովպիոյ մէջ, երբ անոր արքան` Հայլէ Սելասիէ Երուսաղէմի հայոց թաղամասին մէջ ողջունուած ու դիմաւորուած էր հայ որբերու փողերային նուագախումբին կողմէ: Խորապէս տպաւորուած` ան փողերախումբին լրիւ կազմը կը հրաւիրէ հաստատուելու իր երկիրը, ուր անոնք կը դառնան այդ երկրի երաժշտական գործօն մէկ տարրը: Այդ որբերէն Գէորգ Նալպանտեան յօրինած է Եթովպիոյ քայլերգը:
Թել Աւիւի համալսարանի պատմաբանութեան կաճառի տեսուչ փրոֆ. Նուրիթ Քենան-Քետար ներկայացուց «19-րդ դարու Երուսաղէմի հայկական թաղամասի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ գեղանկարչական պաստառները» խորագրեալ իր գիտաշխատութիւնը:
Ապա գիտաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբը յուշանուէրով մը պատուեց փրոֆ. Սթոնը` հայագիտութեան մարզին մէջ անոր մատուցած ծառայութեանց համար:
Գիտաժողովին պատուակալը` փրոֆ. Ճոն Քարզուէլ շահեկան դասախօսութեամբ անդրադարձաւ Քիւթահիոյ գեղասալերու գործածութեան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինութեան ընթացքին: Ան իր 50-ամեայ պրպտումներուն արգասիքը հրատարակած է մեծածաւալ երկու հատորներու մէջ:
Փարիզէն փրոֆ. Տիգրան Գույումճեանի բանախօսութիւնը կ՛արծարծէր Երուսաղէմի թիւ 473 ձեռագիրն ու անոր առնչութիւնը` Մեծն Աղեքսանդրի 1536 թուին նշուած պատմութեան: Գույումճեան ընդարձակ ուսումնասիրութեան ենթարկած էր Մեծն Աղեքսանդրին ակնարկող նշեալ ձեռագիրներու տարբերակները, որոնք մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն` հակառակ իրենց անաւարտ ըլլալուն:
Մոնրէալէն դոկտ. Ատոմ Պուճիգանեանի ներկայացուցած ուսումնասիրութիւնը կ՛առնչուէր Աստուածաշունչէն ընտրուած որոշ բոյսերու, որոնք իբրեւ դեղամիջոց կ՛օգտագործուէին միջնադարեան Հայաստանի մէջ: Ըստ դոկտ. Պուճիգանեանի, նշեալ բոյսերու բուժիչ յատկութիւնը կ՛արդարանայ դեղերու քիմիական արդի տուեալներով:
Վերջին նիստին առաջին բանախօսն էր Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի հին ձեռագրերու բաժանմունքի պատասխանատու Լիլիթ Զաքարեան: Անոր նիւթը կ՛ընդգրկէր Թարգմանչաց Աւետարանի բնագրին վերահաստատումը` 12-րդ դարու մանրանկարչութեան մանրակրկիտ քննարկման լոյսին տակ: Զաքարեան համոզուած էր, թէ բաղդատական գիտաշխատութիւններու ճամբով կարելի պիտի ըլլար յարաբերական եզրեր գտնել յիշեալ մանրանկարներուն եւ Թարգմանչաց Աւետարանին միջեւ:
Ապա խօսք առաւ Փարիզէն փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան, որ բաղդատականը կատարեց Կիլիկիոյ եւ Մեծ Հայքի կոթողներու իրավիճակին: Բաղդատաբար Մեծ Հայքին` ոչինչ կանգուն մնացած էր Կիլիկիոյ մէջ, բացի անոր ամրոցներէն: Ըստ Մութաֆեանի, այդ մէկը կը վերագրուէր 1400-էն ետք, Կիլիկիոյ մէջ կեդրոնական կառավարութեան բացակայութեան: Մինչեւ 1600 թուական երկարած իշխանութեան դատարկութիւնը կամ չգոյութիւնը տեղի տուած էր ստահակներու թէ հրոսակախումբերու կողմէ կոթողներու սանձարձակ քանդումին: Նշեալ երկու դարերուն բազմաթիւ յուշարձաններ քարուքանդ եղած էին:
Փակման նիստին գիտաժողովի համադրիչ Գէորգ Հինդլեան իր եզրափակիչ խօսքով գոհունակութիւն յայտնեց ու ընդգծեց սոյն ձեռնարկի կարեւորութիւնը` իբրեւ վերջին քառամեակի ամէնէն յաջող ու կազմակերպուած նախաձեռնութիւններէն մէկը: Ըստ Հինդլեանի, ժողովականները համակարծիք էին, թէ հայկական արուեստի ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս հարկ էր նաեւ տեղ տալ մեր ընկերային պատմութեան: Հինդլեան դիտել տուաւ, թէ վերջին քառամեակին կազմակերպուած «Կիւլպէնկեան»-ի գիտաժողովները ի մի համախմբած էին 100 ուսումնականներ, մեծ մասամբ` սփիւռքահայեր: Ան յոյս յայտնեց, թէ այս գիտաժողովի նիւթերն ու քննարկումները յառաջիկային պիտի հրատարակուին երեք հատորներով: Հինդլեան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով ներկաներուն` նմանօրինակ ձեռնարկներ կազմակերպել իրենց գտնուած գաղթօճախներուն մէջ: Ուշագրաւ էր ակադեմականներու եւ համալսարանական ուսանողներու խուռներամ ներկայութիւնը, դասախօսութեանց ամբողջ տեւողութեան ընթացքին:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ ընթրիքի երեկոյթով` ներկայութեամբ ու նախագահութեամբ Նուրհան արք. Մանուկեանի: Ան իր հրաժեշտի ողջերթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովի մասնակիցներուն` մաղթելով, որ Երուսաղէմը իրենց սրտերուն մէջ պահելով` ապագային զօրակցին անոր զանազան ձեւերով: Նուրհան արք. Մանուկեան կրկին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, Ս. Սարգիսի խնամակալութեան, Մարթին Եսայեանին ու Զաւէն Եկաւեանին եւ Աստղիկ Չամքերթենին: Այս առիթով Նուրհան արք. յատուկ գնահատականով պատուեց գիտնականներ` Ճոն Քարզուէլը, Ժերար Տէտէեանը, Տիգրան Գույումճեանը եւ Վալտեմար Տէլիւկան` անոնց մատուցած ծառայութեան համար հայ մշակոյթին: Նմանապէս, ան սաղեմացի արուեստագէտ Կարօ Սանտրունիի ստեղծագործութիւններէն` խեցազարդ իւրայատուկ նկարատախտակ մը, նուիրեց Աստղիկ Չամքերթենին` առ ի երախտագիտութիւն Երուսաղէմի գծով անոր ցուցաբերած մնայուն աջակցութեան ու նեցուկին: Իր կարգին, Չամքերթեն հաւաստեց, թէ հիմնարկը կը շարունակէ գործել Գալուստ Կիւլպէնկեանի շունչով, որ Երուսաղէմին ապահոված էր անսպառ հոգատարութիւն` իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին:
Ընթրիքի աւարտին ժողովականները Երուսաղէմէն մեկնեցան կորովախառն յուզմունքով ու յանձնառու կամքով` զարկ տալու իրենց հետազօտութեանց, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ գիտաժողովին:
Երուսաղէմ, 2011