ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԴՈԿՏ. ԼԵՒՈՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Անցնող շաբաթավերջին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանան: Պատուիրակութեան մէջ կը գտնուէր «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ յատուկ յանձնառութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Լեւոն Սարգսեան: Այցելութեան նպատակին եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի գործունէութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ դոկտ. Լեւոն Սարգսեանի հետ, զոր կը հրատարակենք ստորեւ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ էր ձեր Լիբանան այցելութեան նպատակը:

ԴՈԿՏ. ԼԵՒՈՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.- Ես Լիբանան եկած եմ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան կազմով, որովհետեւ «Փիւնիկ» հիմնադրամը կրթութեան հետ բաւական սերտ կապեր ունի եւ բաւական լուրջ ծրագիրներ իրագործած է կրթութեան բնագաւառին հետ Հայաստանի մէջ: Ասոր կողքին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ամպիոնի վարիչն եմ: Հիմնական նպատակը արդէն պէտք է գաղութը գիտցած ըլլայ մամուլով եւ լրատուական միջոցներով. Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, «Փիւնիկ» հիմնադրամի միջոցով, լիբանանեան վարժարաններուն տրամադրուած օգնութիւնն է:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս օժանդակութիւնը եւ նման ծրագիրներ ունի՞ք ապագայի համար: Պիտի շարունակուի՞ն օժանդակութիւնները:

Լ. Ս.- Ներկայիս ուրիշ ծրագիրներ չկան: Սակայն կրնամ ըսել, որ ապագային նման ծրագիրներ պիտի ըլլան, որովհետեւ «Փիւնիկ» հիմնադրամը մէկ քայլ առնելով չի բաւարարուիր: Մեր բոլոր ծրագիրները միշտ շարունակական են: Ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ ծրագիրներ պիտի իրագործենք, յատկապէս` այն երկիրներուն մէջ, ուր ունինք հոծ համայնք: Մենք կը հաւատանք, որ ասիկա օժանդակութիւն է ոչ միայն հայ դպրոցներուն, հայ երիտասարդներուն այլ նաեւ` այդ տեղին, այդ երկրին: Մենք պիտի չմոռնանք, որ մեր ազգակիցները այդ երկրի քաղաքացիներն են, հետեւաբար երկրին օժանդակած ըլլալով` օգտակար դարձած պիտի ըլլանք նաեւ մեր ազգակիցներուն, որպէսզի երիտասարդութիւնը աւելի կիրթ դառնայ եւ աւելի լաւ ու առողջ հասարակութիւն ստեղծուի:

«Ա.».- Խօսինք 2011-ին «Փիւնիկ» հիմնադրամին իրագործած ծրագիրներուն մասին: Հիմնական ի՞նչ ծրագիրներ իրականացուցիք եւ ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք զանոնք:

Լ. Ս.- «Փիւնիկ» հիմնադրամը բաւական ծրագիրներ իրագործեց: Ես կրնամ թուել կարգ մը հիմնական ծրագիրներ: Առաջինը Լիբանանի մէջ վարժարաններուն տրամադրուած տարրալուծարանի սարքերն են, որոնցմէ տրամադրեցինք նաեւ Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Արցախի վարժարաններուն: Երեւանի պետական համալսարանին մէջ մենք օգտակար կը դառնանք կարիքաւոր ուսանողներու, յատկապէս` աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ, որովհետեւ համոզուած ենք, որ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը հայագիտութեան ամէնէն հիմնական նիւթն է: Հոս կ՛ուզեմ ըսել, որ ամէն տարի ուսանողներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ` աստուածաբանութեան մարզէն ներս եւ, հետեւաբար, «Փիւնիկ» հիմնադրամը տարիէ տարի աւելի օժանդակութիւն կը տրամադրէ համալսարանին: «Փիւնիկ» հիմնադրամի իրագործած աշխատանքներէն է նաեւ Երեւանի Մատենադարանին ցուցաբերուած օգնութիւնը: Մենք կրցանք աւելի քան 1000 ձեռագիրներ ապահովել Մատենադարանին համար: Կ՛ուզեմ հոս ըսել, որ «Փիւնիկ»-ի լիբանանահայ բարեկամ մը` Երջօ Սամուէլեան, լուրջ օգնութիւն ցուցաբերեց Երեւանի Մատենադարանի նոր մասնաշէնքին, իսկ յառաջիկայ տարի հին մասնաշէնքին պիտի տրամադրենք կահոյքներ: «Փիւնիկ»-ը նաեւ օժանդակեց «Ոսկէ ծիրան»-ի աշխատանքներուն, Ջաւախքին: Յատկանշական է «Փիւնիկ»-ին օժանդակութիւնը Գիւմրիի մէջ «Վերածնունդ» երիտասարդ արուեստագէտներու նախաձեռնութեան, որ քանի մը տարիէ ի վեր կ՛իրագործուի: Այս տարի 14 երկիրներ բերին իրենց մասնակցութիւնը, եւ տարուէ տարի մասնակցողներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ: Մեր նպատակն է «Վերածնունդ»-ը հասցնել «Ոսկէ ծիրան»-ի մակարդակին, որ դառնայ լուրջ միջազգային փառատօն, որովհետեւ մենք համոզուած ենք, որ եթէ տարեկան շուրջ 5 փառատօն ունենանք Երեւանի մէջ, արդէն բաւական լուրջ եւ մեծ աշխատանք կատարած պիտի ըլլանք: Մեր հիմնական հարցը` մենք մեզ ծանօթացնել է աշխարհի:

Մենք պէտք է կարենանք մենք մեզ ցոյց տալ,  որպէսզի աշխարհը ճանչնայ մեզ` մեր մշակոյթի եւ մեր պատմութեան շնորհիւ: Այս բոլորին կողքին,  «Փիւնիկ» հիմնադրամը մեծ քանակութեամբ գիրքեր տպած է, ինչպէս` յայտնի պատմաբան Նիքոլայ Յովհաննիսեանի քառահատոր գիրքը,  որուն առաջին հատորը տպուեցաւ, եւ մինչեւ տարեվերջ կ՛ամբողջանայ բոլոր հատորներուն տպագրութիւնը: Արաբերէնով ալ շարք մը գիրքեր հրատարակած ենք, որոնցմէ կ՛ուղարկենք նաեւ արաբական երկիրներ: Շատ կարեւոր է, որ մենք կարենանք մեր գիտական միտքը փոխանցել: Մենք պէտք է աշխատանք տանինք` պատրաստելու Թուրքիոյ պատմութիւնը մեր աչքերով դիտուած, նաեւ` Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Իրանի եւ այլն: Մենք կը մտածենք այս մասին, որպէսզի մօտիկ ապագային զայն իրագործենք:

Երեւանի մէջ «Փիւնիկ» հիմնադրամը բաւական օժանդակութիւն ցուցաբերած է. տրամադրած է մանկական խաղավայրերու հրապարակներ: Ես կրնամ յայտարարել, որ մեր տրամադրած խաղավայր-հրապարակները արդէն կը հաշուեն հոն գտնուող հրապարակներուն շուրջ 90-100 տոկոսը:

«Ա.».- Ինչպէս որ նշեցիք, «Փիւնիկ» հիմնադրամը նաեւ կ՛աջակցի «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք  այս նախաձեռնութիւնը, հայկական շարժապատկերը միջազգային շրջանակներու մէջ ծանօթացնելու առումով:

Լ. Ա.- Երեւանի մէջ ամէնէն լաւ եւ լուրջ փառատօնն է «Ոսկի ծիրան»-ը: Ամէն տարի այդ փառատօնին մասնակցելու համար մեծ թիւով մարդիկ կու գան Երեւան` ծանօթանալու ոչ միայն մեր շարժապատկերին, այլեւ` մեր մշակոյթին եւ պատմութեան: Հարկ է նշել, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Ոսկէ ծիրան»-ին 10-15 տոկոսով կ՛օժանդակէ:

«Ա.».- Խօսինք Ջաւախքի մէջ ձեր տրամադրած օժանդակութիւններուն մասին:

Լ. Ա.- Մեզի համար շատ կարեւոր է Ջաւախքը,  որովհետեւ անիկա փոքր Հայաստան մըն է, սակայն հոն կ՛ապրին նաեւ վրացիներ, ռուսեր, եւ մենք ոչ մէկ խտրականութիւն կը դնենք անոնց եւ հայերուն միջեւ: Մենք օգտակար դարձանք թէ՛ հայկական վարժարաններուն եւ թէ՛ վրացական կամ ռուսական` անոնց տրամադրելով ուսուցողական միջոցներ: Հոն յայտարարեցինք, որ մեր օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի եւ մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին գաղափարը:

«Ա.».- Խօսինք ապագայ ծրագիրներու մասին: Ի՞նչ առաջնահերթ հարցեր կան, որ «Փիւնիկ» հիմնադրամը կ՛ուզէ իրագործել:

Լ. Ա.- Սփիւռքի, Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի մէջ հիմնական հարցը` երիտասարդ սերունդին ճիշդ դաստիարակութիւնն է: Մեր պարագային հարկ է նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն տրամադրել, եւ այս մէկը իրագործելու համար ջանք պէտք չէ խնայենք: Մենք պէտք է որոշակի քայլեր առնենք այս ուղղութեամբ: Շատ դժուար է միայն հիմնադրամի միջոցներով այս մէկը իրագործել, որովհետեւ բոլորս պէտք է լաւ գիտնանք, որ այս մէկը ազգին համար կարեւոր է:

Դաստիարակուած երիտասարդը հասարակութեան պիտանի անդամ պիտի դառնայ: Հետեւաբար պէտք է աշխատանք տանինք, որ վարժարաններու մէջ ուսուցիչները լաւ վարձատրուին, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին, քաջալերուած, կարենան լաւ սերունդ դաստիարակել: Ուսուցիչը պէտք է հասարակութեան արժանապատիւ անդամ դառնայ:

Հարցազրոյցը վարեց`
ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES