ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
– «ԹԵՀՐԱՆ ԹԱՅՄԶ» օրաթերթը իրանեան լաւատեղեակ զինուորական աղբիւրներ վկայակոչելով կը հաղորդէ, որ ռուս եւ չինացի փորձագէտներ վերջերս Իրանի կողմէ վար առնուած ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքը քննելու դիմում ներկայացուցած են: Իրանեան օրաթերթը կը նշէ, որ բացառուած չէ, որ նշեալ սարքը հասարակութեան առջեւ ցուցադրուի:
– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ «Ուաշինկթընը գրաւէ՛» բողոքի ցոյցին մասնակիցներէն 62-ը ձերբակալուած են: Ամերիկայի տարբեր շրջաններէն հազարաւոր ցուցարարներ կեդրոնական Ուաշինկթըն հաւաքուած էին` բողոքելու համար պետութեան տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան դէմ: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ ստիպուած եղած է զանոնք ձերբակալել, երբ անոնք քառուղի մը փակած են, ինչ որ երթեւեկը խանգարած է: Ամերիկեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ ցուցարարները մեծ մասամբ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամներու գրասենեակները թիրախ դարձուցած են, ինչպէս նաեւ փորձած են Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պայնըրի եւ հանրապետականներու խորհրդարանական պլոքի նախագահ Միչ Մաքոնիլի գրասենեակները մուտք գործել:
– ԻՐԱՔԻ մէջ «Սարայա Պաաս»-ի մամլոյ բանբեր Մոհամետ Տուլէյմի նախատեսեց, որ Իրաքի մէջ կացութիւնը «կառավարութեան յարանուանական վարմունքին պատճառով» ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք վատթարանայ: «Կացութեան հանդարտեցման միակ լուծումը սահմանադրութիւնը չեղեալ նկատելն ու ատակ անձերէ կազմուած ժամանակաւոր կառավարութիւն կազմելն է, ապա ժողովուրդին ընտրութեան ազատութիւն ընձեռելով` նոր սահմանադրութիւն պատրաստելը»:

