ՍԱՐՔՈԶԻ ԲԱՑԱՏՐԱԾ Է, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒՆ ՍՏԱԽՕՍ ԿՈՉԱԾ Է
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը գրէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի բացատրած է, թէ ինչո՛ւ նոյեմբերին «Քսաններու» վեհաժողովին ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ստախօս կոչած է:
Սարքոզի ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ զրոյցի մը ընթացքին Նեթանիահուն ստախօս կոչած է, որովհետեւ ան ֆրանսական կողմին պաղեստինեան Համաս շարժումին կողմէ գերեվարուած իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթի ազատ արձակման ջանքերուն մասնակցութիւնը մերժած էր:
Ան իսրայէլեան իշխանութիւններուն բացատրած է, որ ջիղերը կորսնցուցած է, երբ Նեթանիահու մերժած է զինուորը ազատ արձակելու գործողութեան մէջ ներառել ֆրանսական օդուժի ուղղաթիռը, հակառակ անոր որ Շալիթ բացի իսրայէլեանէն նաեւ ֆրանսական քաղաքացիութիւն ունի:
Իսրայէլեան կողմը նաեւ հրաժարած էր Ֆրանսայի դեսպանին թոյլ տալ մասնակցիլ գերեվարութենէն վերադարձած զինուորի դիմաւորման արարողութեան:
Վերոնշեալ պատճառներով Սարքոզի Օպամայի հետ իր զրոյցին ընթացքին իր զգացումներուն տեղի տալով քննադատած է Իսրայէլի վարչապետը: Այլ խօսքերէ զատ, Սարքոզի զայն ստախօս անուանած է եւ ըսած, որ այլեւս չի կրնար հանդուրժել զինք: Զրոյցի ընթացքին բարձրախօսները միացուած եղած էին, որուն շնորհիւ լրագրողները այդ զրոյցը լսած էին: