ՃԻՈՅԵՒԱ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԵՆ ՓՈԽԱՆՑԵԼ
Ռուսական «Վզ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Օսեթիոյ նախագահական ընտրութիւններու նախկին թեկնածու Ալլա Ճիոյեւա յայտարարած է, որ Քրեմլինի ներկայացուցիչ Սերկէյ Վինոքուրովի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին իրեն առաջարկուած փոխզիջումի տարբերակը անընդունելի է:
Ան այդ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն պատմած է իր պահանջներուն եւ իրեն առաջարկուած փոխզիջումին մասին: Ընդդիմադիր գործիչը նշած է, որ իր դիրքորոշումը հետեւեալն է. գործող նախագահ Էդուարդ Քոքոյթի մինչեւ 25 մարտ 2012, այսինքն` ընտրութիւններու կրկնութեան օրը, պէտք է իրեն փոխանցէ իշխանութիւնը, իսկ ինք իր կարգին կը խոստանայ երկրին մէջ արդար ընտրութիւններ ապահովել:
Ճիոյեւա ըսած է, որ բանակցութիւններուն ընթացքին իբրեւ փոխզիջում իրեն առաջարկուած է Հարաւային Օսեթիոյ գլխաւոր դատախազի հրաժարականը, սակայն ինք չէ ընդունած, որովհետեւ «ատիկա կիսատ-պրատ է եւ զինք չի գոհացներ»:
Երէկ Հարաւային Օսեթիոյ գործող նախագահ Քոքոյթի յայտարարած էր, որ իր նախագահական լիազօրութիւններէն պիտի հրաժարի այն բանէն ետք միայն, երբ վերջ դնէ «վարդագոյն յեղափոխութեան»:


