ՓՈՒԹԻՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ԴԷՄ ՑՈՅՑԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը ամբաստանեց Ռուսիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքին դէմ բողոքի ցոյցերուն կանաչ լոյսը տալու համար` վստահեցնելով, որ ընդդիմադիրները Ուաշինկթընի զօրակցութեամբ կը գործեն:

Փութին նշեց, որ Քլինթըն Ռուսիոյ մէջ ընդդիմադիր գործիչներուն կանաչ լոյս տուաւ` աւելցնելով, որ անոնք «կանաչ լոյսը ստացան եւ (Միացեալ Նահանգներու) արտաքին գործոց նախարարութեան զօրակցութեամբ սկսան աշխուժ կերպով գործել»:

Ան ըսաւ, որ ցոյցերու կազմակերպիչներուն մեծ մասը կը հետապնդեն նեղ անձնական շահեր: «Եթէ մարդիկ օրէնքի ծիրին մէջ կը գործեն, ապա անոնց պէտք է կարելիութիւն տրուի իրենց անձնական կարծիքը արտայայտելու, եւ մենք երբեք պէտք չէ սահմանափակենք անոնց քաղաքացիական իրաւունքները: Եթէ ոեւէ մէկը  խախտէ օրէնքը, ապա իշխանութիւններն ու իրաւապահները բոլոր կարելի միջոցներով պէտք է պահանջեն օրէնքի յարգումը», ըսաւ Փութին:

Քլինթըն Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հակադարձելով Փութինի յայտարարութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ զօրավիգ կը կանգնին «ռուս ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ աւելի լաւ ապագայի մը առնչութեամբ անոր յոյսերուն»:

Նշենք, որ չորեքշաբթի երեկոյեան Մոսկուայի եւ Սան Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքին դէմ բողոքի ցոյց կատարողներէն 170 անձ ձերբակալուած է:

Share this Article
CATEGORIES