ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՀԱՆՈՑԻՆ ԵՒ ՃԱՇԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ՄԱԿԱԳՐՈՒՄ
Երէկ` հինգշաբթի, 8 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մայրիկ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ալին Գամաքեանի եւ Պարպարա Տրայսքընսի «Հայկական խոհանոց» գիրքի մակագրումը:
Ալին Գամաքեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան «Ազդակ»-ին ըսաւ, որ անգլերէնով լոյս տեսած գիրքով կը միտի հայկական ճաշերուն ինքնութիւնը պահպանել, որպէսզի օտարներ, յատկապէս թուրքեր չյայտարարեն, որ կարգ մը հայկական ճաշերու արմատները թրքական են: Անոր համաձայն, նման ծրագիր մը միշտ առկայ եղած է, սակայն նոր կարելի եղած է իրականացնել զայն` մէկուկէս տարուան աշխատանքէ, հետապնդումներէ եւ պրպտումներէ ետք: Այս գիրքի հրատարակութեան համար ինք եւ Պարպարան այցելած են Արեւմտահայաստան, փորձած են յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել, հոն փնտռած են հայեր, որոնք հայկական աւանդութիւններուն եւ խոհանոցին առնչուող տեղեկութիւններ ունին:
Այս բոլորը ամփոփուած են «Հայկական խոհանոց» գեղատիպ հատորին մէջ, որ նաեւ ընթերցողին պատկերացում մը կու տայ հայկական աւանդութիւններուն, հարուստ ժառանգութեան մասին: Հոն կայ հայկական ճաշերու, անուշեղէններու եւ աղանդերներու հարուստ հաւաքածոյ մը, իսկ գիրքին օտար լեզուով ըլլալը օտարներուն հայկականը փոխանցելու առաւելութիւն կը հանդիսանայ:

