ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ 14 ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԵՆ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ապահովութեան ուժերուն կատարած յատուկ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք Շըրնաք քաղաքին մէջ 14 անձեր ձերբակալուած են: Ձերբակալեալներուն շուրջ շարք մը ահաբեկչական արարքներու մեղսակցութեան եւ անոնց աջակցութեան կասկածներ գոյութիւն ունին:
Վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ յաճախակիօրէն տեղի կ՛ունենան ահաբեկչութիւններ, որոնց պատասխանատուութիւնը հիմնականին մէջ կը ստանձնէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) այս կամ այն թեւը:
CATEGORIES Միջազգային