ՄԻՆՉ ԱՐԱՊԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ «ՊԱՂՏԱՏ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԵՏ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ» Կ՛ԸՍԷ ԶԻՊԱՐԻ

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի երէկ Պաղտատի մէջ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Պաղտատ Դամասկոսի հետ արաբական նախաձեռնութեան գործադրութիւնը պիտի քննարկէ»:

Զիպարի յայտնեց, որ «Իրաք արաբական միաձայնութեան եւ Արաբական լիկային յանձնառու կը մնայ, հակառակ Սուրիոյ ունեցած արտակարգ պայմաններուն, ինչ որ սակայն չի նշանակեր, որ ազատութեանց ճնշում չկայ, սակայն Իրաքի տեսակէտը Դամասկոսի պիտի չպարտադրենք»` նշելով, որ «արաբական նախաձեռնութեան զօրավիգ կը կանգնինք»: Ան նախատեսեց, որ «այս նախաձեռնութիւնը այդտեղ (Սուրիոյ մէջ) տեղի ունեցող սպանութիւնը կասեցնէ»:

Նշենք, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ «արաբական յառաջիկայ վեհաժողովը իր ճշդուած ժամկէտին իրաքեան մայրաքաղաքին մէջ պիտի գումարուի»: Ան ըսաւ, որ ինք զօրավիգ կը կանգնի խաղաղ ճանապարհով իրենց ազատութիւնը պահանջող արաբ ժողովուրդներուն կողքին կանգնելու Իրաքի տեսակէտին:

Արապի «Շարք Աուսաթ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ չորեքշաբթի օր պատասխան նամակ մը գրած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի վերջին այն նամակին, որուն մէջ Դամասկոս պատրաստակամութիւն կը յայտնէր Սուրիոյ մէջ Արաբական լիկայի դէտերու տեղակայման արձանագրութիւնը ստորագրելու, սակայն որոշ պայմաններով: Ան ըսաւ, որ նամակը գրած է Սուրիոյ հարցով արաբ նախարարներու յանձնախումբին անդամներուն հետ եւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ խորհրդակցելէ ետք:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ժամանակաւոր են եւ անոնք պիտի վերցուին Սուրիոյ կողմէ վերոնշեալ արձանագրութեան ստորագրումէն ետք:

Արաբական դիւանագիտական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով արաբական նախարարական յանձնախումբը, որուն անդամ են Եգիպտոսի, Ալճերիոյ, Օմանի, Սուտանի եւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարներն ու Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը, շաբաթ օր Տոհայի մէջ ժողով մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար Մոալլեմի վերոնշեալ նամակը, որուն մէջ անոր ներկայացուցած պահանջներուն շարքին էին` ջնջել Սուրիոյ դէմ հաստատուած տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցները եւ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը սառեցնող որոշումը, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւնը ստորագրել Դամասկոսի մէջ եւ ոչ թէ Գահիրէի:

Մինչ այդ, «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ահաբեկչական զինեալ խմբակ մը երէկ առաւօտ կրակ բացած է Տէր Զօրէն Պանիաս քարիւղ փոխադրող խողովակաշարին վրայ, որուն պատճառով խողովակաշարի այդ կէտին վրայ հրդեհ ծագած է:

Միւս կողմէ, Պրիւքսելի մէջ բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւր մը լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ՕԹԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներուն յայտնած է, որ Թուրքիա Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ գաղթականներ հիւրընկալելու համար ապահովական գօտի ստեղծելու նպատակով Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ աշխատանքներն ու միջոցառումները կը շարունակէ: Սակայն կը բացառէ իր երկրին կողմէ Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն մը:

Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին այն գնահատականը յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը տնտեսական գետնի վրայ մէկ տարիէն աւելի չի կրնար տոկալ, որովհետեւ իր ելեւմտական ներուժը իր ժողովուրդը ճնշելու վրայ կը մսխէ:

Թուրք պաշտօնատարը բացատրեց, որ երբ կ՛ըսէ, թէ սուրիական վարչակարգը միայն մէկ տարի կրնայ դիմանալ, այդ չի նշանակեր, որ վարչակարգը մէկ տարի ետք պիտի տապալի, այլ` անոր տնտեսական կեանքը վերջ պիտի գտնէ, որմէ ետք Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոփոխութիւնը կարելի պիտի դառնայ:

 

Share this Article
CATEGORIES