ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ-ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԿԱՆԽԱՀԱՍ ԲԱԽՈՒՄԻ ՑՈՒՑԱՆԻՇՈՎ ՄԸ ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ

Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին կազմելիք եւ Եգիպտոսի նախագահութեան թեկնածուներէ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներէ եւ հասարակական գործիչներէ կազմուած Խորհրդատու խորհուրդին, որուն պարտականութիւնը փոխանցման հանգրուանի մինչեւ աւարտը  կառավարութեան եւ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի առաքելութեան օժանդակելն է:

Կուսակցութիւնը յայտնեց, որ իր ներկայացուցիչները` կուսակցութեան ղեկավար Մոհամետ Մասրին եւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Եասինը կը հեռացնէ խորհուրդէն:

Կուսակցութիւնը իր այս քայլին պատճառը չնշեց, սակայն եգիպտական «Մասրի Եոմ» օրաթերթը աղբիւրներ վկայակոչելով յայտնեց, որ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի անդամ գնդ. Մուխթար Մալլայի այն յայտարարութիւնը, թէ «խորհրդարանի ներկայ ընտրութիւնները ամբողջ հասարակութեան ներկայացուցչութիւն պիտի չապահովեն եւ խորհրդարանին ընտրելիք հիմնադիր յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնը սահմանադրութիւնը մշակելն է, պէտք է կառավարութեան եւ Խորհրդատու խորհուրդին հաւանութեան արժանանայ», Իսլամ եղբայրներու հեռանալուն պատճառներէն մէկն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES