ՄԱՐՍԷՅԻ ՄԷՋ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԹՈՅԼ ՊԻՏԻ ՉՏԱՅ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Նախագահ Սարգսեան` իր ելոյթին ընթացքին

Աշխատանքային այցելութեամբ Մարսէյ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի ի պատիւ նախանցեալ երեկոյեան Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտըն կազմակերպեց ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Ընդունելութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Մարսէյ քաղաքի դերին` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիրները ընդունելու հարցին մէջ:

Դիմելով Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որոնց մէջ քիչ չեն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդները, Սերժ Սարգսեան վստահեցուց, որ Հայաստան թոյլ պիտի չտայ մոռացութեան մատնել Մեծ եղեռնը:

«Մենք վստահ ենք, որ Թուրքիա պէտք է ապաշխարէ: Ատիկա ո՛չ նախապայման է, ո՛չ ալ վրէժխնդրութեան յագուրդ տալու ձգտում: Թուրքիա պէտք է դէմ յանդիման կանգնի իր պատմութեան հետ: Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած, եւ անիկա յստակ է: Մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ ունենալու բնականոն յարաբերութիւններ, ինչպէս կը վայելէ դրացի երկիրներուն: Ուշ կամ կանուխ ինքզինք եւրոպական երկիր նկատող Թուրքիա պիտի ունենայ եւրոպական ըլլալուն յարիր ղեկավարութիւն մը, որ գլուխ պիտի խոնարհէ Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Աւելի լաւ է կանուխ, բայց ատիկա Թուրքիոյ ժողովուրդին գործն է: Մենք անոնց ոչինչ կը պարտադրենք: Ատիկա իրենք պէտք է կատարեն յանուն թուրք ժողովուրդին, ինչպէս որ Ուիլի Պրանտ ատիկա կատարեց յանուն գերմանացիներուն», ընդգծեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ համաեւրոպական կառոյցներուն մէջ Հայաստանի տեղն ու դերը ապահովելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքին, եւ շնորհակալութիւն յայտնելով եւրոպացի գործընկերներուն ու մասնաւորաբար Ֆրանսայի նախագահին Հայաստանի ջանքերուն սատար կանգնելու համար, այս հարցին մէջ կարեւոր նկատեց նաեւ Եւրոպայի հայերուն դերը:

«Մենք բոլորդ կը հրաւիրենք մասնակցելու Հայաստանի խնդիրները լուծելու ազնիւ գործին: Սփիւռքի մէջ արիւնակիցներուն մենք կը դիմենք իբրեւ հարազատներ: Եւ հարազատութեան իրաւունքով միասին պէտք է քննարկենք եղած թերութիւնները: Պիտի քննարկենք մեր խնդիրները` առանց իւրաքանչիւրս իր պատասխանատուութեան բաժինէն խուսափելու: Եւ առաջին պատասխանատուն այդ թերութիւններուն համար անշուշտ ես եմ: Բայց կ՛ուզեմ, որպէսզի բոլորդ մասնակցիք, մեզի հետ կիսէք պատասխանատուութիւնը եւ, ինչպէս ըսի, նաեւ յաջողութեան պատիւը», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

Եզրափակելով իր խօսքը` նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ ֆրանսահայերուն, մարսէյցիներուն եւ մասնաւորաբար մարսէյահայերուն` «իրենց վերաբերմունքին, իրենց եռանդին եւ նաեւ իրենց յաջողութեան համար, որովհետեւ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ յաջողութեան հասած հայը Հայաստանը աւելի ճանաչելի կը դարձնէ»:

Հայաստանի նախագահը անգամ մը եւս խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Կոտենին` իր բոլոր գործերուն համար եւ հաճոյքով զայն Երեւան հրաւիրեց:

 

Share this Article
CATEGORIES