ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի զօրակցեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ հանդիպում չունենալու որոշումին, իբրեւ պատասխան այն կեցուածքին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ցուցաբերած էին նախագահ Սլէյմանի նկատմամբ` Նիւ Եորք կատարած անոր վերջին այցելութեան ընթացքին:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ քոնկրեսականներու եւ ամերիկեան վարչակազմի անդամներու հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Սաֆատի քննարկեց լիբանանեան բանակը զինելու կարելիութիւնները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը պիտի մասնակցի կառավարութեան նիստերուն` հերքելով այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց համախմբումի նախարարները պիտի չմասնակցին կառավարութեան նիստերուն` նկատի ունենալով, որ ան մերժեց վաւերացնել աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի մշակած աշխատավարձի յաւելման ծրագիրը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան այցելութիւնը առանց փորձանքի կամ աղէտի աւարտի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆարիտ Հապիպ «Լիուա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած վերջին խօսքին մէջ ոմանց ուղղուած դասալքութեան ամբաստանութիւնները նորութիւններ չեն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա գուժած է լիբանանեան պետութիւնն ու Լիբանանի Ազգային երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ ժամանակն է այլեւս գումարելու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յատուկ ճակատագրական նիստ մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ Քազեմ Խէյր յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլա զիրենք դասալքութեան յանցանքով ամբաստանած է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան երկխօսութեան դռները քանդած:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Միջազգային դատական ատեանի մէկ պատուիրակութիւնը յառաջիկայ երկու օրերուն ժամանէ Պէյրութ` շնորհակալութիւն յայտնելու լիբանանեան պետութեան, անոր կողմէ տրուած Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու որոշումին համար:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ տնտեսական զգայուն կացութիւն մը, որուն կայունութեան համար ճիգ պէտք չէ խնայել: Ան նկատել տուաւ, որ երկար խորհրդակցութիւններէ ետք կառավարութիւնը հասաւ երէկուան իր որոշումին` համոզուելով, որ լիբանանեան պետութիւնը աշխատաւորներուն հսկայական գումարներ շնորհելու ոչ մէկ կարելիութիւն ունի:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը ջանայ 16 դեկտեմբերին հանդիպում մը կայացնել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը` դիտել տալով, որ Լիբանանի դէմ կը նախապատրաստուին սադրանքներ, որոնք կրնան քանդել երկիրը: