ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լրագրողներու սենտիքային մէջ երէկ տեղի ունեցան օրաթերթերու սենտիքայի, քաղաքական բնոյթի շաբաթաթերթերու, ամսաթերթերու եւ պարբերաթերթերու սենտիքայի, ինչպէս նաեւ ոչ քաղաքական հրատարակութիւններու եւ լրատու գործակալութիւններու պատասխանատուի ընտրութիւններ` ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի ներկայացուցիչ, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհայի:

12 անդամ հաշուող լրագրողներու սենտիքայի պարագային ներկայացան 14 թեկնածուներ, որոնցմէ երկուքը` Մոհամետ Նասրալլա եւ Սաատալլա Մազրահանի հրաժարեցան, հետեւաբար մնացեալ թեկնածուները դարձան սենտիքայի անդամներ` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:

Լրագրողներու սենտիքայի ընտրուած կազմին անդամներն են. Մոհամետ Պաալպեքի, Նէյլա Թուէյնի, Ժոզեֆ Թիւթիւնժի, Ռաֆիք Խուրի, Ապտել Քերիմ Խալիլ, Թալալ Սալման, Ժորժ Սքաֆ, Սալահ Սալամ, Հիւսէյն Քըթայշ, Աունի Քաաքի, Մալեք Մրուուէ եւ Քամիլ Մնասսա:

5 անդամ հաշուող քաղաքական բնոյթի շաբաթաթերթերու, ամսաթերթերու եւ պարբերաթերթերու սենտիքային համար ընտրուեցան հետեւեալ անձերը. Թալալ Հաթում, Ժորժ Թրապուլսի, Վիվիան Սալիպա-Տաղեր, Ուալիտ Աուատ եւ Ժորժ Սոլաժ:

Մրցակիցի չգոյութեան պատճառով, ոչ քաղաքական հրատարակութիւններու եւ լրատու գործակալութիւններու պատասխանատու ընտրուեցաւ Էլիաս Աուն:

 

Share this Article
CATEGORIES