ՖԵԼԹՄԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆՍ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԳՆԱՀԱՏԵԼ ՄԻԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ»

Ֆելթման եւ Պըրրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի, երէկ ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան:

Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Ֆելթման մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Ֆելթման կէսօրէ առաջ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կատարուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնները բարելաւելու կարելիութիւնները:

Ֆելթման այցելեց նաեւ Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Ֆելթման եւ Քոնելլի դարձան Ժոմպլաթի ճաշի հիւրերը:

Հանդիպումէն ետք ամերիկացի դիւանագէտը դարձեալ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Ֆելթման այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ դեսպան Քոնելլի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական ընդհանուր իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Ֆելթման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Պքերքէի մէջ Ֆելթման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին հետ:

Նշենք, որ «Էյ. Պի. Սի. Նիուզ» ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ֆելթման շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ուաշինկթընի համար չէ որ համաձայն գտնուած է Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու, այլ` Լիբանանի շահերուն համար:

Ան աւելցուց, որ Լիբանան իր այցելութիւնը այդ որոշումին զօրակցելու եւ զայն գնահատելու նպատակով կը կատարէ:

Միւս կողմէ, Ֆելթման իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որուն հետ Ուաշինկթըն չի գործակցիր` աւելցնելով, որ երբ Հըզպալլա տիրող կացութենէն նեղանայ, բռնի ուժով իր փափաքները կը պարտադրէ:

 

Share this Article
CATEGORIES