ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ ՊԵՏԵՐՈՒՆ

Ազարով եւ նախագահ Սլէյման

Ուքրանիոյ վարչապետ Միքոլա Ազարով, որ նախանցեալ երեկոյեան ժամանեց Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Ազարովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ուքրանական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական եւ երկու երկիրներուն մէջ ներդրումներ կատարելու մարզերուն մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման եւ Ազարով ընդգծեցին նաեւ ժողովրդավարական վարչակարգի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը: Ազարով նկատել տուաւ, որ Լիբանան իր ժողովրդավարութեամբ կայուն կղզի մըն է, որ ներկայիս կը գտնուի ալեկոծ ծովու մէջ, եւ այդ պատճառով ալ Ուքրանիա կը ջանայ քաղաքական եւ տնտեսական իր յարաբերութիւնները բարելաւել Լիբանանի հետ:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Ազարովին` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն մաս կազմող ուքրանական ջոկատին առաքելութեան համար: Ան իր ողջոյնները փոխանցեց Ուքրանիոյ նախագահին եւ զայն հրաւիրեց այցելելու Լիբանան:

ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազարովը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Վլատումիր Քովալի, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումէն ետք Ազարով յայտնեց, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Ուքրանիա եւ Լիբանան պիտի նշեն իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին 20-ամեակը` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնը հետզհետէ կ՛ամրապնդուի: Ան նշեց, որ այս տարուան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական գործակցութեան ընդհանուր գումարը հասած է մէկ միլիառ տոլարի:

Ազարով շեշտեց, որ Ուքրանիա կը փափաքի աւելի եւս բարելաւել իր յարաբերութիւնները` հասնելով մինչեւ երկու երկիրներուն միջեւ այցեգիրերու դրութիւնը ջնջելու եւ ազատ առեւտուրի շուկայ մը հիմնելու ծրագիրներուն:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Ազարով եւ Միքաթի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Վարչապետարանին մէջ Ազարով եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ընդունուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:

Ապա վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային ընդարձակ հանդիպում մը, որուն վարչապետներուն կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ուքրանական նախարարական պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ նախարարներ Ղազի Արիտի, Ժըպրան Պասիլ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Շաքիպ Քըրթպաուի, Նիքոլա Նահհաս, Կապի Լայեուն եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պաուժի:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանը կարելի չէ միջազգային ընտանիքէն եւ արաբական իր շրջապատէն անջատել կամ զայն լուսանցքայնացնել: Ան դիտել տուաւ, որ այդ իրականութիւնը ո՛չ երկրին կառավարութեան եւ ո՛չ ալ իր անձին հետ առնչուած է, այլ` Լիբանանի պատմութեան:

Վարչապետը նկատել տուաւ, որ իրենք շատ դժուար հանգրուաններ թեւակոխած են` աւելցնելով, որ իրենք նախանձախնդիր են երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու. ան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը ունի հիմնական նպատակ մը, որուն շրջագիծին մէջ պիտի շարունակուի երկրին կայունութեան պահպանումը` զայն զանց առնելով շրջանին մէջ տիրող կացութենէն:

Իր կարգին, Ազարով շեշտեց, որ լիբանանցի ղեկավարներուն հետ իրենց կատարած քննարկումները դրական ընթացած են` դիտել տալով, որ իրենք կը միտին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Ազարով յայտնեց, որ երկկողմանի գործակցութեան շրջագիծին մէջ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Ուքրանիա` աւելցնելով, որ երկկողմանի գործակցութիւնը կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել նաեւ տնտեսութեան, երկրագործութեան, մշակոյթի եւ փոխադրութեան մարզերուն մէջ:

Ազարով Միքաթիին յանձնեց Ուքրանիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը:

 

Share this Article
CATEGORIES