ԵՒՐՕ-2012. ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԽՄԲԱՊԵՏ ՎԱՆ ՊՈՄԵԼ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԷՆ
Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնապէս հաղորդեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Մարք Վան Պոմել իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել վաղը` ուրբաթ, 25 մարտին Հունգարիոյ դէմ տեղի ունենալիք (Եւրօ-2012) զտումի առաջին մրցումին` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Ան պիտի մնայ Հոլանտա` յաւելեալ բուժումի ենթարկուելու համար, որպէսզի կարենայ նոյն խումբին դէմ ճակատումին (դարձի մրցումին), որ տեղի պիտի ունենայ Ամսթերտամի մէջ (29 մարտին), դաշտ ներկայանալ:
Նշենք, որ Հոլանտայի բացականերու ցանկին վրայ են նաեւ Արժեն Ռոպեն, Քլաաս Եան Հունթելաար, Հետվիկզ Մատիւրօ եւ Թէօ Եանսըն:
CATEGORIES Մարզական