ԵՒՐՕ-2012. ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՌՈՒՍԻԱ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐԸ` ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՔՐԷՅԿ ԹՈՄՍԸՆ

Քրէյկ Թոմսըն

Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ շաբաթ, 26 մարտին տեղի ունենալիք Հայաստան – Ռուսիա Եւրօ-2012-ի զտումի մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սկովտիայէն:

Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Քրէյկ Թոմսըն:

Նշենք, որ ան եղած է Ֆինլանտա – Հայաստան (Եւրօ-2012) մրցումին իրաւարարը, ինչպէս նաեւ այս տարեշրջանին «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով երեք մրցումի իրաւարարը:

Ան ներկայիս կը դասուի Եւրոպայի լաւագոյն իրաւարարներուն կարգին:

 

Share this Article
CATEGORIES