«ՆԱՅՔԻ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՓՈՐՁ-ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ. ՀԱՆԸՇ, ՔԱՅՍԻ ԵՒ ԽԱԶԱՔԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ
Կազմակերպութեամբ «Նայքի» ընկերութեան, նախորդող չորս օրերուն ընթացքին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած փորձ-քննութիւնները աւարտեցան` մասնակցութեամբ 16-19 տարեկան 347 ֆութպոլիստներու:
Սպանացի մարզիչ Ռուպեն Տալլայի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի չորս մարզիչներու, որոնց կարգին Վաչէ Սարգիսեանի հսկողութեամբ տեղի ունեցած այս փորձ-քննութիւններուն յաջողած երեք ֆութպոլիստները հանդիսացան Ուալիտ Հանըշ, Մըհտի Քայսի եւ Ալեքսի Խազաքա, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին առաջին երեք դիրքերը: Անոնք յառաջիկայ ամառ պիտի մեկնին Մանչեսթըր Եունայթըտ` այդտեղ տեղի ունենալիք յատուկ բանակավայրի մը իրենց մասնակցութիւնը բերելու, այլ երկիրներէ ժամանած լաւագոյն մարզիկներու հետ:
Նշենք, որ վերջին օրուան փորձ-քննութիւններուն Ալիք Ալաճեան գրաւեց 5-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական