ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՍԿՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման երէկ Լիբանանի Առաջին տիկնոջ` Ուաֆա Սլէյմանի ուղեկցութեամբ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ նախագահ Սլէյմանը դիմաւորեց Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան:
Այցելութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Կը նախատեսուի նաեւ հայ-լիբանանեան համագործակցութեան զարգացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:
Նախագահ Սլէյմանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան:
Երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը վերջինիս եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի միջեւ: Կողմերը նշեցին, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել յատկապէս երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը, քանի որ գոյութիւն ունի մեծ ներուժ զայն զարգացնելու համար:
Լիբանանեան կողմին հետաքրքրութեան առարկան դարձաւ այն, թէ Հայաստանի մէջ ինչպիսի՞ ապրանքներ կ՛արտադրուին: Սապունճեան ցանկութիւն յայտնեց ստանալու աւելի մանրամասն տեղեկութիւն` Հայաստանէն Լիբանան այդ ապրանքներուն արտահանումը կազմակերպելու նպատակով:
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարը համաձայնելով այսպիսի համագործակցութիւն ծաւալելու առաջարկին հետ իր կարգին աւելցուց, որ ոչ միայն փոխադարձ արտահանումները, այլ նաեւ միացեալ ձեռնարկութիւններու ստեղծումը եւ երկկողմանի ներդրումները կրնան համագործակցութեան լաւագոյն օրինակը դառնալ:
Սերգօ Կարապետեան նաեւ հակիրճ կերպով ներկայացուց Հայաստանի գիւղատնտեսութեան վիճակը եւ համոզում յայտնեց, որ այս տարուան տնտեսական ցուցանիշներուն մէջ երկնիշ տուեալներ պիտի արձանագրուին:
Վրէժ Սապունճեան տեղեկացուց, որ Լիբանանի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է յառաջիկային Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ ստորագրելու երկկողմանի համագործակցութեան գործնական ծրագիր, ինչ որ ընդունուած է նախարար Կարապետեանի կողմէ:
Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը ի պատիւ նախագահ Սլէյմանի Երեւանի «Կոլտըն Փալաս» պանդոկին մէջ կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի մէջ բնակող լիբանանցիներ: