50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 1961 )

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Ուաշինկթընէն կը հեռաձայնեն «Հայրենիք»-ին.-

3 դեկտեմբերի կիրակի օր, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ փայլուն տօնակատարութիւնը Դաշնակցութեան 71-ամեակին:

Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը: Կ՛ատենապետէր Սերոբ Ներսէսեան:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան, որ տպաւորիչ ճառով ներկայացուց Դաշնակցութեան գործը անցնող 71 տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կենսական առաքելութիւնը ապագայի իմաստով եւ, այն հիմնական սկզբունքներով, որոնցմով լծուած է աշխատանքի` Հայ դատ, հայ ժողովուրդի համրանքի ապահովութիւն, մշակոյթի եւ գաղափարական դաստիարակութիւն:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Հանդիսութեանց իր մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ Դաշնակցութեան Ռիչմընտի կոմիտէն, որուն ներկայացուցիչը եւս խօսք առաւ` պարզելով Դաշնակցութեան ազգային եւ քաղաքական առաքելութիւնը:

Ուղերձներ արտասանեցին Հայ երիտ. դաշնակցութեան ներկայացուցիչը եւ Հայ օգնութեան միութենէն ընկերուհի Մսըրլեան:

ՈՒՍՏՐԻ մէջ եւս խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ մեծ շուքով տօնուած է Դաշնակցութեան օրը: Բանախօսած են Յովհաննէս Պարսամեան եւ Սեդրակ Մինաս:

ԲԵՐԻՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ
ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ

ՍՐԲԱԶԱՆԸ Կ՛ԸՆԴՈՒՆՈՒԻ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

«Արեւելք»-ի մէջ (6 դեկտեմբեր) կը կարդանք.-

Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք., ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու, շնորհաւորեց Հալէպի երեսփոխանները, որոնք պաշտօնական ընդունելութեան վայր ճշդած են Նետի Լիվան: Սրբազան հօր սրահ մուտքը ընդունուեցաւ ծափահարութիւններով: Ան, իր եւ հայ ժողովուրդին անկեղծ շնորհաւորութիւնները ներկայացուց նորընտիր երեսփոխաններուն եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն խորհրդարանին մէջ: Հալէպի բոլոր համայնքներու հոգեւոր պետերը եւս շնորհաւորեցին նորընտիր երեսփոխանները` ջերմ եւ խանդավառ ընդունելութեամբ:

Երէկ երեկոյեան ալ, Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ հայկական բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց սրտագին մաղթանքները ներկայացուցին նորընտիր երեսփոխաններուն:

Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչները այցելեցին նաեւ Շէյխ Ապտել Ֆեթթահ Ապու Ղըտտէին եւ Շէյխ Մուսթաֆա Զարքային, Պապ էլ Նասեր թաղի իրենց կեդրոնին մէջ: Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ խիստ եղբայրական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Թէ՛ Նետի Լիվայի եւ թէ՛ համագործակցականներու ճակատին կեդրոնին մէջ, ուշագրաւ էր տիրող անսահման խանդավառութիւնը: Ուրախալի մեծագոյն երեւոյթն է` տիրող եղբայրութեան եւ սիրոյ մթնոլորտը:

Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. այցելեց հայ երեսփոխաններ զօր. Ա. Գարամանուկեանի եւ իրաւաբան Գր. Էպլիղաթեանի, շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը, եւ անոնց մաղթեց լաւագոյն յաջողութիւն, բոլորանուէր ծառայութեամբ լծուելու համար սուրիական ու արաբական մեծ հայրենիքի վերելքի աշխատանքին:

 

Share this Article
CATEGORIES