ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ՋՈՒՐԸ
Հակառակ որ թիւերը, ըստ զանազան ուսումնասիրութիւններու, թեթեւօրէն կը տարբերին, ընդհանրապէս ընդունուած է, որ միջին ծանրութեամբ անձի մը պարագային, անոր մարմնին ծանրութեան 50 – 75 առ հարիւրը ջուր է: Այսինքն, միջին հաշուով, քու մարմնիդ ծանրութեան մօտաւորապէս երկու երրորդը ջուր է: Այո՛, ասիկա քիչ մը անհաւատալի կը թուի, սակայն ճիշդ է:
Ասիկա կրնայ տարօրինակ հարցումներ յառաջացնել կարգ մը մարդոց մտքին մէջ: Ինչո՞ւ այս ջուրը մեր մարմնին բոլոր ծակերէն պարզապէս դուրս չի թափիր: Ինչո՞ւ այս ջուրը մեր ոտքերուն մէջ չի հաւաքուիր` մեզի վարէն շատ ծանր եւ գէր, իսկ վերէն շատ երկար եւ բարակ դարձնելով: Ինչո՞ւ երբ գլխուդ վրայ կը դառնաս, դուն չես խեղդուիր:
Վայրկեան մը մտածենք: Մեր մարմնին ծանրութեան երկու երրորդը ջուր է: Ջուրի մէկ լիթրը մօտաւորապէս մէկ քիլօ կը կշռէ. հետեւաբար, երբ մենք կ՛առնենք միջին ծանրութեամբ անձ մը, օրինակի համար` մօտաւորապէս 76 քիլօ, ասիկա կը նշանակէ, թէ իր մարմնին մէջի ջուրը կը կշռէ մօտաւորապէս 60 քիլօ: Ուրեմն, եթէ 1 քիլօ ջուրը հաւասար է 1 լիթր ջուրի, ասիկա կը նշանակէ, թէ միջին ծանրութեամբ անձ մը իր մարմնին մէջ ունի 51 լիթր ջուրի շիշերու համապատասխան ջուր:
Հետեւաբար, ո՞ւր կը գտնուի ամբողջ այդ ջուրը: Մեր մկաններուն եւ ներքին գործարաններուն ծանրութեան աւելի քան 70 առ հարիւրը ջուր է. մեր ոսկորները մօտաւորապէս 22 առ հարիւր ջուր կը պարունակեն, մեր մարմնին իւղը մօտաւորապէս 14 առ հարիւրով ջուր է: Նոյնիսկ մեր մորթին մօտաւորապէս 70 առ հարիւրը ջուր է…
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՍՐԲՈՒՀԻ ԼԻՒՍԻԻ ՊՐԻՈՇՆԵՐԸ
13 դեկտեմբերին շուէտացիները սովորութիւն ունին տօնելու սրբուհի Լիւսիի տօնը: Այդ օրը երիտասարդ աղջիկները երկար, ճերմակ հագուստ մը եւ կարմիր գօտի մը կը հագնին: Անոնք իրենց գլխուն վրայ կը դնեն մոմերով թագ մը եւ իրենց ընտանիքին կը բաժնեն քրքումով (սաֆրան) պրիոշ:
Պէտք ունիս (մօտաւորապէս 15 պզտիկ պրիոշներու համար)
3 տեսիլիթր կաթի, 50 կրամ թթխմորի, 800 կրամ ալիւրի, 200 կրամ կարագի, 250 կրամ փոշի շաքարի, 2 կրամ փոշի քրքումի, 3 հաւկիթի, աղի, չամիչի, նուշի:
Պատրաստութիւն

1.- Կաթսայի մը մէջ դիր կարագը եւ ձգէ, որ հալի շատ մեղմ կրակի վրայ: Երբ կարագը հալի, վրան կաթը աւելցուր եւ ձգէ, որ պաղի: 2.- Խորունկ ամանի մը մէջ քիչ մը կաթ պարպէ եւ վրան աւելցուր թթխմորը եւ քրքումը: Լաւ խառնէ:

3.- Մեծ խորունկ ամանի մը մէջ պարպէ կարագով կաթը, ապա վրան աւելցուր կարգով` շաքարը, պտղունց մը աղը, հալած թթխմորը եւ քրքումը: Լաւ խառնէ: Ապա աւելցուր ալիւրին կէսը եւ երկու հաւկիթ: Դարձեալ խառնէ: 4.- Այս խառնուրդին աւելցուր մնացած ալիւրը եւ խմորը ձեռքերովդ շաղէ: Եթէ անիկա իւղոտ է, քիչ մը ալիւր աւելցուր, մինչեւ որ կարենաս խմորով գունդ մը ընել:

5.- Խմորը լաթով մը ծածկէ եւ ձգէ, որ հանգչի տաքուկ տեղ մը, առնուազն մէկ ժամ: 6.- Փուռը վառէ 225 աստիճանի վրայ (թերմոսթա 8): Խմորը երկուքի բաժնէ եւ 3 սմ լայնքով երիզներ կտրէ: Ձեւաւորէ զանոնք գլորելով ափիդ տակ. ապա անոնց S-ի կամ հիւսքի ձեւ տուր: Կրնաս զանոնք զարդարել չամիչով եւ նուշով:
7.- Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ ալիւր սրսկէ: Անոր վրայ շարէ պրիոշները: Հաւկիթ մը կտրէ եւ ճերմկուցը դեղնուցէն բաժնէ: Դեղնուցը պզտիկ ամանի մը մէջ դիր եւ զայն պատառաքաղով մը զարկ: Խոհանոցի վրձինով մը հաւկիթի դեղնուցէն քսէ պրիոշներուն վրայ:
8.- Պրիոշները փուռը դիր եւ զանոնք եփէ մօտաւորապէս տասը վայրկեան` եփին ուշադիր հետեւելով: Անոնք պատրաստ կ՛ըլլան, երբ լաւ ուռին եւ կարմրին: Սակայն, համտեսելէ առաջ, սպասէ, որ անոնք քիչ մը պաղին:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԵՐԵՒՆԵՐԸ ԳՈՅՆ ԿԸ ՓՈԽԵՆ
Կարմիր, նարնջագոյն, դեղին եւ սրճագոյն. ասոնք են աշնան գոյները: Ծառերը իրենց սնունդը կը պատրաստեն լուսահամադրում (ֆոթոսենթեսիս) կոչուած հոլովոյթի մը միջոցով:
Լուսահամադրման ընթացքին ծառերը արեւուն լոյսը կը գործածեն գետնէն առնուած ջուրը եւ օդէն առնուած բնածխական կազը վերածելու համար թթուածինի եւ կլիւքոզի. կլիւքոզը շաքարի տեսակ մըն է: Ծառերը կլիւքոզը կը գործածեն ուժանիւթի համար: Ձմրան ընթացքին լուսահամադրման համար արեւու բաւարար լոյս չկայ: Հետեւաբար ծառերը կը գոցեն իրենց ուտելիք պատրաստող փոքր «գործարանները»: Երբ ասիկա կը պատահի, լուսահամադրումի հոլովոյթին հարկ եղած եւ տերեւներուն իրենց կանաչ գոյնը տուող քլորոֆիլը կ՛անհետանայ, եւ տերեւներուն վրայ կը մնան միայն նարնջագոյն, դեղին եւ կարմիր գոյները:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԵՐԵՒՆԵՐԸ ԿԸ ԹԱՓԻՆ
Աշնան վերջաւորութիւնն է, եւ բոլոր տերեւները թափած են: Արեւուն լոյսը կը նուազի, եւ տերեւներուն մէջ աւիշը փոխադրող պարապ խողովակները կը սկսին գոցուիլ: Երբ ասիկա կը պատահի, բջիջներու խաւ մը կը կազմուի տերեւներուն կոթերուն ծայրը: Այս բջիջներն են, որոնք կ՛օգնեն տերեւին բաժնուելու ճիւղէն եւ գետին իյնալու:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՋՈՒՐԸ ԱՆՀԱՄ Է
Թացի զգացումին նման, համի զգացումն ալ համի բջիջներուն կողմէ քեզի հայթայթուած զգայական ընկալում մը կամ փորձառութիւն մըն է: Համի յատուկ այս բջիջները մարդոց կարողութիւնը կու տան համտեսելու աղի, թթու, լեղի կամ անուշ բաներ: Մարդիկ համը կը զգան, որովհետեւ ուտելիքի կամ խմիչքի մէջ գտնուող մասնիկները կը փոխազդեն մեր բերնին մէջ գտնուող համը զգացող բջիջներուն հետ: Շաքարեղէնները անուշ են, որովհետեւ շաքարին մէջի մասնիկները հակազդեցութիւն կ՛ունենան համը զգացող մեր բջիջներուն հետ: Ջուրին մէջ համը զգացող մեր բջիջներուն շարժման մէջ դնող ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի: Հետեւաբար ջուրը մեզի անհամ կը թուի: Կենացնո՛ւդ:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՋՈՒՐԸ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Կեանքը կախեալ է ջուրէն: Ինչո՞ւ: Մեր մարմինը կենդանի պահելու համար անոր մէջ տեղի ունեցող բոլոր հակազդեցութիւնները հեղուկի պէտք ունին բանելու համար: Բոլոր կենդանի բաները ջուր կը գործածեն սնունդ եւ ուրիշ կարեւոր քիմիական նիւթեր փոխադրելու դէպի գործարաններ եւ բջիջներ: Ջուրը կ՛օգնէ նաեւ մեր մարմինը ձերբազատելու իր աղտոտութիւններէն:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՏՈՒՐՄՈՎ ՇԱՔԱՐ ՈՒՏԵԼԸ
ՄԱՐԴՈՑ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԱՇԽՈՒԺ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ
Տուրմով շաքարները եւ կազային քաղցր խմիչքները շաքար եւ քաֆէին կը պարունակեն: Քաֆէինն է, եւ ոչ շաքարը, որ անձի մը ջղագրգիռ եւ չափազանց աշխուժ կը դարձնէ:
Կարգ մը ծնողներ կ՛ենթադրեն, թէ շաքարն է պատճառը իրենց զաւակներուն չափազանց շարժուն վիճակին: Սակայն, ըստ ամէնէն վերջին ուսումնասիրութիւններուն, շաքարին պատճառով չէ, որ մանուկներուն մեծ մասը անդադար շարժուն կ՛ըլլայ: Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ արուեստական կամ մարդուն կողմէ պատրաստուած ուտելիքի գոյներն են պատճառը մանուկներուն մօտ անդադար շարժուն վիճակին:
ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու եռանկիւնը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը կը համապատասխանէ անոր տակը գտնուող երկու շրջանակներուն մէջի թիւերու գումարին:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ




