ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՊՆԴԷ, ՈՐ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՔԻՄԻԱԿԱՆ ԶԷՆՔ Չ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՐ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ թրքական բանակի զօրակայաններուն մէջ քիմիական զէնքեր չկան, իսկ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարը տեղի կ՛ունենայ իրաւական չափանիշերու ծիրին մէջ:
«Արեւմտեան եւ տեղական որոշ լրատուամիջոցներու մէջ անհիմն տեղեկութիւն կը տարածուի այն մասին, թէ Թուրքիոյ բանակը ահաբեկիչներու դէմ պայքարին մէջ քիմիական զէնք կ՛օգտագործէ: Թուրքիոյ բանակի զօրակայաններուն մէջ քիմիական զէնք չկայ: Անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարը կ՛իրականացուի ազգային եւ համաշխարհային իրաւական չափանիշերու ծիրին մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ ապահովական ուժերու յատուկ գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Շըրնաք քաղաքին մէջ ձերբակալուած են 14 անձեր, որոնց շուրջ ահաբեկչական շարք մը արարքներու մեղսակցութեան կասկածներ գոյութիւն ունին: